Հինգշաբթի, 22 Մարտ 2012 - Հին ձեռագիրներու եւ գիրքերու պահպանումի մասնագէտներ այցելեցին Լիբանանի նախագահին


Պէյրութ

Երեքշաբթի, 20 մարտ 2012 առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սլէյմանի այցելեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆօ, որուն ընկերակցեցաւ հին ձեռագիրներու եւ գիրքերու պահպանումի ծիրին մէջ գործող մասնագէտներու պատուիրակութիւն մը, որ կը գործակցի այդ առումով մասնագիտացած սպանական «Այտա» ընկերութեան հետ: Այս առթիւ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆօ, նախագահ Սլէյմանին նուիրեց Լիբանանի վանքերու եւ մատենադարաններու մէջ գտնուող հին ձեռագիրներու եւ գիրքերու պահպանումի մասին հրատարակուած նոր խտասալիկ եւ ալպոմ մը:

Նախագահ Սլէյման դրուատեց այդ աշխատանքը, որ կը նպաստէ կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ