Չորեքշաբթի, 25 Յունուար 2012 - Գերյ. հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի «ԽՕՍԷ’ ԻՆԾԻ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԱՍԻՆ» գիրքին շնորհահանդէսը


Պէյրութ, Լիբանան

Երեքշաբթի, 24 յունուար 2012, երեկոյեան ժամը 8-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայր Անդրանիկ ծ.վրդ. Կռանեանի «Խօսէ՝ ինծի հայ Եկեղեցիին մասին» գիրքին շնորհահանդէսը, հովանաւորութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ)։

Հանդիսութեան բացման խօսքը ուղղեց ՀԿՀՄ-ի անունով Դալար Աթեշեան, որ ըսաւ, թէ §«Խօսէ՛ ինծի հայ եկեղեցիին մասին» գիրքը անդրադարձ մըն է աւելի մօտէն ճանչնալու եկեղեցին եւ կառչելու անոր սրբութիւններուն` առաւել եւս գիտակցօրէն ապրելու քրիստոնէութիւնը: Աթեշեան հաստատեց, որ միութիւնը միշտ ալ վայելած է հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի հայրական հոգատարութիւնն ու հովանաւորութիւնը, եւ ան անդամներուն փոխանցած է քրիստոնէական, ազգային եւ հայրենասիրական վեհ զգացումներ:

Ապա օրուան առաջին պատգամը փոխանցեց «Մասիս» շաբաթաթերթի պատասխանատու տնօրէն Սարգիս Նաճարեան: Ան նշեց, որ հայր Անդրանիկ Կռանեան աւելի քան ութ տասնամեակ չէ ընկրկած, իր կորովը չէ դադրեցուցած, ստեղծագործ մտքի պայծառութիւնը չէ կորսնցուցած, այլ` ծաւալած է լայնածաւալ գործունէութիւն, որուն արգասիքը ենթակային տարիքէն աւելի ծանր կը կշռէ: Նաճարեան յայտնեց, որ հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան իրականացուցած է ազգանուէր ու եկեղեցասէր ծրագիրներ եւ ստեղծած է երիտասարդական ու պատանեկան շարժումներ` դառնալով «Ճանապարհը լուսաւորող հովիւ»:

Իսկ հանդիսութեան երկրորդ բանախօսն էր Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ յայտնեց, թէ հայր Անդրանիկ Կռանեանի այս գործը պտուղն է երկարամեայ ծառայութեան, սերտողութեան, դասաւանդման եւ աղօթքի: Վեր. Հայտոսթեան ըսաւ, որ գիրքը աւանդաքննական բնոյթ ունի, որ կ’ուզէ 21-րդ դարու հայուն խօսիլ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ խնդիրներուն մասին: Բանախօսը շեշտեց, որ հեղինակը «Խօսէ՛ ինծի հայ եկեղեցիին մասին» գիրքին ընդմէջէն կը խօսի հայ եկեղեցւոյ միութեան, եկեղեցի-քաղաքականութիւն-ընկերութիւն անքակտելի եռեակին, միջեկեղեցական, քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններու յարաբերութիւններուն եւ այլ հարցերու մասին: Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յայտնեց, որ նոր սերունդը կարօտ ունի հին պատմութեան նոր արձանագրութիւններուն, որոնցմէ մէկն է հայր Անդրանիկ Կռանեանին գիրքը:

Իր կարգին, գինեձօնի աւանդական արարողութենէն ետք խօսք առաւ «Խօսէ՛ ինծի հայ եկեղեցիին մասին» գիրքի հեղինակ հայր Անդրանիկ ծ. վրդ Կռանեան, որ շեշտեց, թէ ինք կը մեծարէ հայ եկեղեցին, որովհետեւ այն ինչ որ հայ եկեղեցին ընձեռած է հայ ազգին, ոչ մէկ եկեղեցի կատարած է իր ժողովուրդին: Կռանեան հաստատեց, որ այս գործը հրաւէր մըն է` հայ եկեղեցւոյ մասին միասնաբար մտածելու, խորհելու, սրբագրելու եւ միասին սիրելու: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհահանդէսը իրականացնող բոլոր անհատներուն:

Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրը ընդկրգեց ասմունք՝ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի եւ ջութակով` Մարինէ Հալլաճեան:

Շնորհահանդէսը փակուեցաւ ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ Պահպանիչով: Հանդիսութեան յաջորդեց հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի գիրքին մակագրութիւնը եւ հիւրասիրութիւն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ