Երեքշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2010 - Քրիստոնէութեան զէնքը սէրն է կը հաստատէ արհի. Գրիգոր եպս. Գուսան Միջին Արեւելքի յատուկ սիւնհոդոսին

 

Վատիկան

 

Միջին Արեւելքի կաթողիկէ Եկեղեցիներու համար յատուկ սիւնհոդոսի նիստերուն ընթացքին, Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհիապատիւ Գրիգոր եպս. Գուսան, իր միջամտութեան մէջ հաստատեց թէ «Քրիստոնէութեան զէնքը սէրն է», հրաւիրելով բարի կամք ունեցող մարդիկը վերջ տալու անմեղներու սպանդին։ Սէրը, ըստ գերապայծառին, կը կայանայ կամուրջ հաստատելով մարդոց միջեւ. Եկեղեցին կ'աւետէ սէրը եւ կը պայքարի անարդարութեան ու մոլեռանդութեան դէմ։ Ան իր խօսքին մէջ նաեւ խաղաղութեան կոչ ուղղեց հրեաներուն եւ մահմետականներուն: Իր միջամտութեան աւարտին բոլորին ուշադրութեան յանձնեց, թէ ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ Միջին Արեւելքը առանց քրիստոնէութեան։

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ