Չորեքշաբթի, 28 Յուլիս 2010 - Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարը այցելեց Յունաստանի հայ կաթողիկէ առաջնորդարան


Յունաստան 


Չորեքշաբթի
, 9 յունիս 2010, առաւօտեան ժամը 11-ին, Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեան, ընկերակցութեամբ Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեանի այցելեց ֆիքսի՝ հայ կաթողիկէ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցին։

Եկեղեցւոյ մուտքին ժողովրդապետ Տէր Ռափայէլ քհնյ. Շէֆիքեան շքեղ ընդունելութեամբ դիմաւորեց հիւրերը։ Եկեղեցւոյ մէջ հիւրերը դիմաւորուցեան հաւատացեալներու կողմէ, «Հայր Մեր» տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ։

Ժողովրդապետը անդրադարձաւ իր խօսքին մէջ եկեղեցւոյ եւ վիճակին անցեալի եւ ներկայ իրավիճակին մասին։

Տիկին Յակոբեան նախ ուրախութեան յայտնեց ներկայ գտնուելու հայկական եկեղեցիէ ներս, որ երկար տարիներ նպաստած է  հայապահպանման ծառայութեան համար։ Ապա ան խօսեցաւ Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան նպատակին եւ գործունէութիւններուն մասին, հրաւիրելով բոլորը յաճախ այցելելու մայր հայրենիք, Հայաստանը։

Այցելութեան աւարտին, յիշատակի նուէրներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Տէր Ռափայէլին եւ տիկին Յակոբեանին միջեւ։ Ինչպէս նաեւ նախարարուհին իր յիշատակի յուշերը արձանագրեց եկեղեցւոյ յուշամատեանին մէջ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ