Հինգշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2012 - Լիբանանի կրօնական եւ պատմական հնադարեան վայրերուն մասին առաջին ազգային համագումարը

Րապուէ, Լիբանան

Հինգշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2012, տեղի ունեցաւ Լիբանանի կրօնական ու պատմական հնադարեան վայրերուն մասին առաջին ազգային համագումարը յոյն կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին եւ յոյն կաթողիկէ պատրիարք Լահհամի հրաւէրով։

Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան պետական ու հոգեւոր բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին էր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, մարոնի պատրիարք՝ կարդինալ Րաիին եւ յոյն կաթողիկէ պատրիարք Լահհամը։ 

Հանդիսութեան խօսք առին Լիբանանի կենսոլորտի, ներքին գործոց, հաղորդակցութեան եւ լրատուութեան նախարարները, որոնք անդրադարձան կրօնական եւ հնադարեան կեդրոններու մշակութային ու պատմական արժէքներուն մասին։

Երկրի իսլամ, տիւրզի եւ քրիստոնեայ համայնքապետները նաեւ միջամտութիւններ ունեցան այս առթիւ, որոնք բարձր գնահատեցին այս համազգային եւ կրօնական նախաձեռնութիւնը, ամրապնդելու համար ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը։

Հանդիսութեան յաջորդեց ճաշ ի պատիւ համագումարի մասնակցիներուն։ Ապա յետմիջօրէին շարունակուեցան համագումարին աշխատանքները չորս նիստերով, գործակցաբար մշակոյթի նախարարութեան։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ