Հինգշաբթի, 18 Մարտ 2010 - Սրբազան Պապը կ՛արտայայտէ «մեծ վստահութիւն» երիտասարդներուն նկատմամբ

 

Վատիկան

 

Երիտասարդներու
25-րդ Համաշխարհային Օրուան նախօրեակին, Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը իր հրատարակած պատգամին մէջ կը յայտնէ իր «մեծ վստահութիւն»ը երիտասարդներուն հանդէպ։ Սրբազան Քահանայապետը կոչ կ՛ուղղէ երիտասարդներուն չվարանիլ վստահելու Աստուծոյ իրենց կեանքի ծրագիրներուն մէջ եւ հետեւաբար ձգտիլ կատարեալին։

 

Ան նաեւ կը պարզէ թէ «իր ամբողջ վարդապետութիւնը, կը կեդրոնանայ այն հրաւէրին վրայ, որ ուղղուած է երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք երկխօսութեան մէջ մտնեն Քրիստոսի հետ, որ առանց իրեն բան մը կարելի չէ»։

 

Սրբազան Պապը կ՛անդրադարնայ երիտասարդներու կրած դժուարութիւններուն (անգործութիւնը, չափանիշներու եւ գործնական հեռանկարներու պակասը, եւն...), եւ անոնց կ՛ուղղուի ըսելով. «Մենք պէտք ունինք ձեզի»։

 

Այս պատգամը «մեծ հրաւէր» մը կը հանդիսանայ երիտասարդներուն «մտածելու եւ բաւարար ժամանակ առնելու ճշդելու համար իրենց կեանքի ծրագիրը, եւ Յիսուսին դիմելու այս նկատմամբ. ամէն ինչ կատարել իրեն կամքին համաձայն, որպէսզի մեր կեանքը միշտ աւելի լայն հորիզոններ ունենայ, որոնք ուղղուած ըլլան դէպի երջանկութիւն եւ յաւիտենական կեանք»։ 

 

Սրբազան Քահանայապետը կոչ կ՛ուղղէ նոյնպէս երիտասարդաց սերունդին չվախնալու քահանայական նուիրումի կոչումէն, եւ այս, համապատասխան կերպով կ՛առընչուի Քահանայական տարուան հետ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ