Հինգշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2008 - Հայ Կաթողիկէ Մասնակցութիւնը Համազգայինի եւ Ազդակի 80 Ամեակի Հանդիսութեան

Լիբանան

Կազմակերպութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, Չորեքշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2008-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Էմիլ Լահուտ» մշակութային համալիրի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի հիմնադրութեան 80-ամեակի հանդիսութիւնը: Հանդիսութեան ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Արհի. Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան որ կը ներկայացնէր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան հաւատարմատար Ռուբէն Խարազեան, կուսակցութիւններու, մշակութային, կրթական, ընկերային եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչները, բարերարներ, համազգայնականներ ու ժողովրդային մեծաթիւ բազմութիւն:

Բարձր գնահատելով Համազգայինի եւ Ազդակ օրաթերթի անցեալի եւ ներկայի իրագործումներն ու նուաճումները, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի պաշտօնական կայքէջի տնօրէնութիւնը կը շնորհաւորէ Ազդակի եւ Համազգայինի 80 ամեակը, մաղթելով յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն:   

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ