Երեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2010 - Ընթրիք ի պատիւ հայր Գէորգ վրդ. Պահէյեանի


Դամասկոս

 

Շաբաթ
, 27 նոյեմբեր 2010-ին, Դամասկոսի ՀԿՄ տիկնանց վարչութիւնը կազմակերպեց ընթրիք մը Դամասկոսի հայ կաթողիկէ «Թագուհի Տիեզերաց» եկեղեցւոյ Պասմաճեան սրահին մէջ, ի պատիւ հայր Գէորգ վրդ. Պահէյեանի, անգամ մը եւս նշելու ժողովրդապետի իր նշանակումը Դամասկոսի մէջ եւ աւելի սերտացնելու կապերը միութեան անդամներու ու վարդապետին միջեւ։ Ընթրիքին ներկայ գտնուեցան Դամասկոսի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ արհիապատիւ հայր Յովսէփ եպս. Առնաութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ շրջապատէն ներս ծառայող յարգարժան անձնաւորութիւններ, տիկնանց միութեան եւ ՀԿՄ-ի խորհուրդի, Պատանեկանի ու Երիտասարդականի անդամներ։ Միութեան ատենապետ Սարգիս Քէշիշեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, հայր Գէորգ վարդապետը յայտնեց իր շնորհակալութիւնը եւ ուրախութիւնը ունենալու իր կողքին ՀԿՄ-ը, որ զայն կը նկատէ որպէս իր ընտանիքը։ Երեկոն ճոխացուց երգիծաբան Մանուէլ Քէշիշեանը։ Յատուկ պատրաստուած էր կարկանդակ մը, որ գերապայծառ տէրն ու վարդապետը միասնաբար հատեցին։

Ընթրիքի աւարտին, գերապայծառ տէրը տուաւ իր օրհնութիւնը ու քաջալերեց բոլորը օգնելու վարդապետին որպէսզի իր ծառայութիւնը յաջողութեամբ կատարէ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ