Չորեքշաբթի, 26 Մարտ 2008 - Ս.Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

 

Պէյրութ, Լիբանան

 
Կազմակերպութեամբ Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, Երեքշաբթի՝ 25 Մարտ 2008-ին, երեկոյեան ժամը 6:00ին, եկեղեցւոյ մէջ
 
տեղի ունեցաւ Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութիւն:
Ս. պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիկոս Պատրիարքը: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ, թէ Աւետումը տէրունական տօն է, որովհետեւ կը յիշատակէ Յիսուսի մարդեղութիւնը՝ շեշտելով, որ եկեղեցին դարերու ընթացքին մեծ դերակատարութիւն ունեցած է քրիստոնէական արժէքներու պահպանման հոլովոյթին մէջ: Ան նշեց նաեւ թէ հաւատացեալները իրենց նուիրումով ու ծառայութեամբ պէտք է արտայայտեն հաւատքը:

Ապա Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան ընթերցեց Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուած էր, թէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի եւ անոր կից՝ Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ կառուցման 75-ամեակին առիթով ժողովրդապետութիւնը պիտի կազմակերպէ հոգեւոր եւ մշակութային զանազան ձեռնարկներ՝ պատրաստութիւն տեսնելով յոբելենական տարուան նախաձեռնութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 2009-ին:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց ներկաներուն շնորհաւորութիւնները:

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ