Երկուշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2012 - Կոչումներու թեմական Յանձնախումբի պատասխանատուի անուանում


Պէյրութ, 10 Նոյեմբեր 2012
Դիւան թիւ 244/12

Գերապատիւ Մաշտոց Վրդ. Զահթէրեան,

 Այս գիրով քեզ կ՛անուանեմ Կոչումներու թեմական Յանձնախումբի պատասխանատու: Քեզի կ՛իյնայ Յանձնախումբի անդամները զատել, որպէսզի կարենամ զանոնք անուանել: Նախապատուութիւնը տալու է աղօթքի:

 Կոչումներու հարցը Նուիրապետութեանս ամէնէն կենսական ու հրատապ հարցերէն մին է: Ասոր համար, այս նուիրական գործը աւելի արդիւնաբեր դարձնելու համար, կապ պահելու է ժողուրդապետներուն եւ վարժարաններու տնօրէներուն հետ:

 Կրնաս վստահ ըլլալ, սիրելի վարդապետ, որ Կոչումներու Յանձնախումբը իմ ամբողջական հոգածութիւնը կը վայելէ:

 Հայրական Օրհնութեամբ՝

   † Ներսէս Պետրոս ԺԹ. 
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ 
     Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ