Երեքշաբթի, 12 Մարտ 2013 - Քահանայապետի ընտրութեան համար աղերսական սուրբ Պատարագ

Վատիկան

Երեքշաբթի 12 մարտ 2013-ի առաւօտեան կանուխէն Քոնքլաւի մասնակցող 115 կարդինալները փոխադրուեցան Վատիկանի «Սանդա Մարդա» բնակարանը, ուր ամբողջ Քոնքլաւի ընթացքին իրենց բնակութիւնը կը հաստատեն դուրսի աշխարհէն անջատուած։

Ժամը 10-ին, Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի մէջ տեղի ունեցաւ Քահանայապետի ընտրութեան համար աղերսական սուրբ Պատարագ, կարդինալական դասի գահերէց` կարդինալ Անճէլօ Սոտանոյի նախագահութեամբ։
Սուրբ Գրային ընթերցումներէն անմիջապէս ետք կարտինալ Սոտանօ` կարդինալներու երիցագոյնը, հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

«Յաւիտեան պիտի օրհնեմ Տիրոջ ողորմութիւնը։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

 Տիրոջ սեղանին շուրջ համախմբուած ենք հայցելու սուրբ Հոգւոյ կենդանարար ներկայութիւնը, որ դարերու ընթացքին միշտ հովանաւորած է իր Եկեղեցին։
Բենեդիկտոս ԺԶ.-ի լուսաւոր քահանայապետութենէն ետք Եկեղեցւոյ հայրապետները կը պատրաստուին ընտրելու նոր Բարի Հովիւ մը իր Եկեղեցւոյն համար։ Յիսուսի խօսքը ուղղուած Պետրոսի. ''Դուն Պետրոս ես, եւ այս վէմին վրայ պիտի կառուցանեմ իմ եկեղեցիս, ու դժոխքին դռները պիտի չյաղթեն անոր'' մեզ կը զօրացնէ ու մեզ կ'օգնէ լաւագոյնս ըմբռնելու Քրիստոսի առաքելութիւնը յանձնուած Պետրոսին եւ անոր յաջորդներուն։
Ամէն Բարի Հովիւ կանչուած է իր կեանքը տալու ոչխարներուն համար։ Վերջին Քահանայապետները եղան դերակատարները բազմաթիւ բարեբեր նախաձեռնութիւններու հանդէպ` բոլոր ժողովուրդներու ու միջազգային հասարակութեան, անխոնջ կերպով աշխատելով արդարութեան ու խաղաղութեան համար։

Կ'աղօթենք որպէսզի ապագայ Քահանայապետը եւս շարունակէ անդադար այդ ուղղութեամբ աշխատիլ, համաշխարհային գետնի վրայ - ըսաւ կարդինալ Սոտանօն - ապա մատնանշեց, որ Հռոմի Եկեղեցւոյ եղբայրօգնութեան առաքելութիւնը միշտ իւրայատուկ եղած է ինչպէս կ'ըսէր Անտիոքի սուրբ Իգնատիոս հայրապետը «Հռոմի Եկեղեցին միշտ եղբայրօգնութեան նախագահած է»:

Կարտինալական դասի գահերէցը խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Սիրեցեալ եղբայրներ, աղօթենք որպէսզի Տէրը մեզի շնորհէ քահանայապետ մը, որ վեհանձնութեամբ կատարէ իր առաքելութիւնը, այս կը խնդենք հայցելով բարեխօսութիւնը ամենասուրբ Կոյս Մարիամի, Թագուհի առաքելոց, ու բոլոր նահատակներուն ու սուրբերուն, որոնք դարերու հոլովոյթին պայծառացուցած են Հռոմի Եկեղեցին»։

http://hy.radiovaticana.va/news/2013/03/12/%D6%84%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BA%D5%A5%D5%BF%D5%AB_%D5%A8%D5%B6%D5%BF%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A5%D5%A1%D5%B6_%D5%B0%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D6%80_%D5%A1%D5%B2%D5%A5%D6%80%D5%BD%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6_%D5%BD%D5%A2._%D5%BA%D5%A1%D5%BF%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%A3%D6%89/arm-672477


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ