Պարտիզակցի: Նախկին Աբբահայր Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան: Հմայեակ Պետրոս ԺԷ. փայլեցաւ իր բազմակողմանի հմտութեամբ, իրաւագիտական մասնագիտութեամբ, իր խոհեմ ու իմաստուն դիրքորոշումներով ու կրօնական անբասիր կեանքով:

Ան իր Պատրիարքութեան ամբողջ շրջանը անցուց ռումբերու տակ, լիբանանեան պատերազմի ահաւոր օրերուն, նախընտրելով ռումբերու տակ Պատրիարք մնալ, իր ժողովուրդին ու կղերին մօտ, քան թէ ապաստանիլ ապահով վայր մը, ինչ որ իր պաշտօնն ու յառաջացած տարիքը կը թոյլատրէին իրեն: