ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ Տ. ՍԱՀԱԿ ՍՐԿ. ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ

Կոչում եւ նուիրում. ահաւասիկ այն անհրաժեշտ տուեալները Քահանայական կարգի հասնելու ճամբուն վրայ։

Շաբաթ, 19 Մարտ 2022-ի յետմիջօրէին, Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամներէն Տ. Սահակ Սրկ. Քէշիշեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը՝ ձեռամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքի։

Մասնակցութեամբ Հ.Կ.Մ.ի շեփորախումբի եւ ներկայութեամբ գերապայծառներ Գէորգ Ասատուրեանի, Յովհաննէս Թէյրուզեանի եւ Գէորգ Խազումեանի, Զմմառու Մեծաւոր Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի, Մխիթարեան Միաբանութան հայրերու, Առաքելական քոյր եկեղեցիէն Մակար Սրբազան Աշգարեանի, երեսփոխան զօրավար Ժան Թալուզեանի, նախկին երեսփոխաններ Ժագ Չուխատարեանի եւ Անթուան Շատերի, նախկին նախարար Ռիշար Գույումճեանի, գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներու, արժանապատիւ հայրերու, առաքինազարդ քոյրերու, արտասահմանէն եւ Հայաստանէն յատուկ այս առթիւ Լիբանան ժամանած հայրերու եւ լիբանանեան քոյր եկեղեցիներու հայրերու, որոնք եկեղեցի մուտք գործեցին, սկսաւ Սբ. եւ Անմահ Պատարագը, զոր մատուցեց Հոգեւոր Տէրը։ Արարողութեան սկիզբը Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան Մեծաւոր` Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ.Մուրատեան առաջնորդեց Տ. Սահակ Սրկ. Քէշիշեանը դէպի խորան, ուր առընթերակայութեամբ Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի Մեծաւոր Հայր Նարեւ Նաամոյեանի եւ Հայաստանի Սբ. Միքայէլ Դպրեվանքի տեսուչ Հայր Մաշտոց Զահթէրեանի, տեղի ունեցաւ ձեռնադրութեան արարողութիւնը։

Այս առթիւ իր արտասանած հայրապետական քարոզին մէջ Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը ուղղելով նորօծ քահանային, ըսաւ. «Սիրելի նորօծ հայր Սահակ վարդապետ, այսօր մեծ տօն կը նկատեմ մեր բոլորի կեանքին մէջ: Մեծ եւ ուրախալի տօն, որովհետեւ այսօր ծնար որպէս առաքեալ Քրիստոսի, այլ ոմն Քրիստոս: Այսօր, Սուրբ Հոգւոյ առատ շնորհքներով օծուեցար Տիրոջ այգիին մէջ պտղաբերելու համար: Ան այգիիին մէջ, ուր քու ծառայութեամբդ Քրիստոսի սրբարար արեամբ եւ կենարար մարմնով պիտի սրբացնես անոր հաւատացողներուն: Այսօր ընտրուեցար ինչպէս Պօղոս առաքեալը Դամասկոսի ճամբուն վրայ, այսինքն, քու մէջ հին մարդը մեռաւ, ծնելու Նոր մարդը։ Նոր մարդը, որ պիտի քարոզէ եւ իր բարի օրինակով վկայէ Քրիստոսի գալստեան եւ փրկչագործական առաքելութեան։ Այսօր ընդունեցար Սուրբ Հոգին, ինչպէս առաքեալները ընդունեցան Հոգեգալստեան օրը: Հետեւաբար ժամանակդ մի՛ վատներ դիտելու միայն մարդոց թերութիւններն ու սխալները, այլ տես նաեւ անոնց դրական եւ բարի գործերը։ Նորէն կը խրատեմ՝ մի վատներ ժամանակդ դիտելու մարդկանց տկարութիւնները, այլ եղիր օգնական տկարներուն, աղքատներուն, մխիթարիչ՝ վշտացեալներուն եւ հիւանդներուն: Առաջնորդ եղիր ուղեկորոյսներուն, քաջալերող երիտասարդներուն, ուղղիչ անոնց կեանքի նպատակներուն։ Քահանայական ծառայութիւնդ ըլլայ հոգիներու փրկութեան նուիրուած, որ այնքան ծարաւի են Քրիստոսի։ Հոն է քու ամբողջական մխիթարութիւնդ: Տեսնելով քեզի յանձնուած հաւատացեալներուն մէջ հոգեւոր ժպիտը, ուրախութիւնը եւ Աստուծոյ առատ շնորհքները անոնց փրկութեան աշխատանքին։ Ընտանիքը աստուածային հաստատութիւնն է. քու քահանայութեամբ, քեզի յանձնուած է պահելու ընտանիքին սրբութիւնը, միասնականութիւնը եւ մաքուր ընթացքը՝ նմանութեամբ Սուրբ Ընտանիքին: Յիշէ՛ Քրիստոսի խօսքը իր աշակերտներուն «հունձքը առատ է եւ մշակները քիչ»: Դուն այն կանչուածն ես, որ անսալով Աստուծոյ կանչին դարձար իր առաքեալը։ Ուստի Աստուած քեզ ընտրելով կը յանձնէ իր զաւակները եւ անոնց ապահովութիւնը՝ հասնելու երկնային անանց երջանկութեան: Այս ամէնը, քեզմէ կը պահանջէ սեփական կեանքի անէացումը մինչեւ վերջին կաթիլը արեան, ինչպէս Քրիստոսը Խաչին վրայ թափեց իր արիւնը՝ մեզ լուալու նախածնողներու սկզբնական մեղքէն: Քեզ խրատելը հեշտ է: Բայց, պիտի չպակսի մեզմէ խիզախութիւնը որդեգրելու Քրիստոսի փափաքը` որ է. «Գացէ՛ք մկրտեցէ՛ք բոլոր ազգերը անուամբ Հօր եւ Որդոյ է Ս. Հոգւոյն»: «Տարածեցէ՛ք բարի լուրը համայն աշխարհի»։ Այս է նաեւ կոչումը Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան առաքեալներուն, որոնք Քրիստոսի պատգամը որդեգրելով՝ կ’երթան առաքելութեան, առանց փնտռելու սեփական կամքը, ցանկութիւնները եւ պայմանները, այլ Քրիստոսի նման առնելով մեր խաչը՝ նուիրուիլ ամբողջական ծառայութեան։ Սիրելի Հայր Սահակ, այս պահուս, հայրական խրատս քեզի, թող մնայ կենդանի յիշատակ մը քեզի առաջնորդելու քահանայական առաքելութեանդ մէջ։ Յիշատակ մը, որ յարատեւ քեզ խթանէ, խանդավառէ, եւ առաքելական կրակը վառ պահէ քու սրտիդ մէջ: Յիշատակ մը, որ քեզ մաքուր, եղբայրասէր, խաղասէրի վկայութեամբ պահես Քրիստոսի աւանդը, հոն ուր պիտի ծառայես։ Քաջ առաքեալ, առ քեզի Սուրբ Պօղոս առաքեալի խրատը, որ իր հոգեզաւակ՝ Տիմոթէոսին, կ’ըսէ «եւ դու որդեակ իմ, զօրացիր Քրիստոս Յիսուսի շնորհով» ապա կ’ըսէ. «յիշէ՛ որմէ աւանդուեցաւ քեզ, եւ որուն հաւատացիր…»։ «Ուստի քեզի կը յիշեցնեմ, որ վերարծարծես Աստուծոյ շնորհքը որ տուի քեզի, իմ ձեռքերը դրի քու վրադ» Բ. Տիմոթէոսի»։

Հոգեպարար աղօթքներու եւ խնկաբոյր շարականներու ընկերակցութեամբ՝ ձեռնադրութեան արարողութիւնը ամբողջանալէն եւ սրբալոյս միւռոնի օծումը ստանալէն ետք, Հ. Սահակ քահանայական ամբողջական զգեստաւորմամբ՝ իր անդրանիկ օրհնութիւնը բաշխեց ներկայ ժողովուրդին։

Յաւարտ Ս. Պատարագին, բոլոր հաւատացեալները շնորհաւորական մաղթանքներով, համբուրեցին նուիրեալի միւռոնօծ ձեռքերը։

Նշենք որ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը ժամանած էր Ս. Փրկիչ եկեղեցի։ Առաջին գիծին վրայ բացի վերոնշեալ պաշտօնական անձնաւորութիւններու, ներկայ էին ձեռնադրեալին ծնողքը եւ ընտանիքը, ինչպէս նաեւ միաբանութեան մտերիմ հոգեւորականներ եւ բարեկամներ, նկատի առնելով որ ըլլալով շրջանի զաւակը, Հայր Սահակ սիրուած եւ յարգուած էր իր շրջանակին եւ եկեղեցասէր ժողովուրդին կողմէ։