ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ԱՅՑԸ ԵԳԻՊՏՈՍ

Այսօր երեկոյեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մեկնեցաւ Գահիրէ՝ ուղեկցութեամբ Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Գերապայծառ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանի, մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի Ընդհանուր ժողովի նիստերուն։
Այս հանդիպումներէն բացի, Հոգեւոր Տէրը պիտի այցելէ Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ Գահիրէի թեմ, ուր Կիրակի, Մայիս 15-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Մասր ըլ-Ժետիտէի Սուրբ Թերեզայի եւ Յիսուս Մանկան եկեղեցւոյ մէջ պիտի հանդիսապետէ Սուրբ պատարագին։