Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողովը «Երուսաղէմի մասին Ամերիկեան որոշումը ընդվզեցուցիչ մարտահրաւէր կը նկատէ»

14 դեկտեմբերի  առաւօտեան Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի Պատրիարքին:

Նիստին ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարք, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ, համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Սալմանեան եւ լիբանանեան այլ համայնքները ներկայացնող հոգեւոր պետեր:

Նիստէն բխած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը նշեց, որ իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն վեհաժողովը Երուսաղէմի մասին ամերիկեան որոշումը կը նկատէ ընդվզեցուցիչ մարտահրաւէր մը:

Հոգեւոր պետերը կտրականապէս մերժեցին այդ որոշումը եւ պահանջեցին յետս կոչել զայն` նկատի ունենալով, որ անիկա ապօրինի է եւ միջազգային ուխտերուն դէմ որոշում մը կը նկատուի:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը նկատելու եւ ամերիկեան դեսպանատունը հոն փոխադրելու մասին յայտարարութիւնները անհեթեթ են, նկատի ունենալով, որ Երուսաղէմ Պաղեստինի մայրաքաղաքն է:

Հոգեւոր պետերը նշեցին, որ Երուսաղէմը տարբեր ու բազմաթիւ սրբավայրեր կը պարունակէ եւ անիկա իւրաքանչիւր կրօնի համար խորհրդանիշ կը նկատուի, «իսկ Թրամփի որոշումը կ՛ընդվզեցնէ աւելի քան 3 միլիառ մարդ»:

Լիբանանի հոգեւոր պետերը կոչ ուղղեցին արաբական երկիրներու ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային հեղինակութիւններուն ճնշում բանեցնելու ամերիկեան վարչակազմին վրայ, որպէսզի ան հրաժարի այդ որոշումէն:

Անոնք շեշտեցին, որ իրենք կառչած կը մնան իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան ու համերաշխութեան` տէր կանգնելով բոլորին իրաւունքներուն ու պարտականութիւններուն հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքին, ինչպէս նաեւ ընդգծելով լիբանանեան սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտին նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը:

Հոգեւոր պետերը համաձայնութիւն յայտնեցին նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցած այն առաջարկին, թէ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ Լիբանանը պէտք է վերածել կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի, համաձայն ազգային համերաշխութիւնը եւ կրօնական ու քաղաքակրթական բազմազանութիւնը յարգելու անոր արժանիքներուն: