Oeuvre d’Orient-Ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Կիրակի 8 հոկտեմբեր 2017ին, երեկոյեան ժամը 6-ին,  Oeuvre d’Orient-ի մէկ պատուիրակութիւնը, որ ժամանած էր Ֆրանսայէն, նախագահութեամբ գերյարգելի հայր Փասքալ Կոլնիշի, այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ  արհիապատիւ հայր Գէորգ եպս․ Ասատուրեանին կողմէ։ Հանդիպումի ընթացքին գերապայծառ Ասատուրեան անդրադարձաւ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրավիճակին եւ գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն գաղթած ընտանիքներու կացութեան:

Իր կարգին խօսք առնելով, գերյարգելի Կոլնիշ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ իր մտահոգութիւնը՝  գաղթականներուն հարցով:

Աւարտին, ներկաները հարցումներ ուղղեցին գերապայծառին, որմէ ետք, ժամը 7-ին, պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ սուրբ Պատարագին, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ: