Չորեքշաբթի, 25 Փետրուար 2015 - «Տիրոջ աչքին՝ ոչ ոք փրկութեան անարժան է» կը գրէ գերյարգելի Զապարեան

 

Մոնրէալ

«Ես անառակ որդի եմ»

(Ղուկ 15, 11-32)

Անառակ որդիին առակը Աւետարաններուն ամէնէն գողտր եւ ամէնէն յուզումնալից առակներէն մէկն է: Անիկա, քիչ թէ շատ, մեզմէ իւրաքանչիւրի կեանքին պատկերն ու պատումն է: Արդարեւ, ամէն ոք, առանց սխալելու մտավախութեան, կրնայ ըսել՝ «Ես անառակ որդի եմ»: Առակը կը յայտնէ, մէկ կողմէն, Հօր Աստուծոյ անհուն սէրն ու ողորմութիւնը, իսկ միւս կողմէն՝ մարդկային սեւ ապերախտութիւնը՝ աստուածային բարութեան նկատմամբ: Արարիչը, սակայն, կը մոռնայ իր արարածներուն անշնորհակալ վարմունքը եւ բազկատարած ու հայրական սիրով կ'ընդունի զիրենք: Առակը՝ «Անառակ Որդին» անունով ճանչցուած է, որովհետեւ կրտսեր զաւակը անառակ կեանք մը ապրեցաւ, ինքզինք տալով անբարոյ հաճոյքներու եւ խենէշ զուարճութիւններու: Ան, իր ազատ կամքով, հեռացաւ իր հայրական տունէն եւ մսխեց իր հօր ժառանգութենէն իրեն ինկած ամբողջ հարստութիւնը: Ան հեռանալ ուզելով՝ կարծեց իսկական երջանկութիւնը գտնել օտարութեան մէջ: Այս է նաեւ պարագան շատ մը երիտասարդներուն ու երիտասարդուհիներուն, որոնք տունը որպէս բանտ կը նկատեն եւ օր առաջ կ'ուզեն ուծանալ՝ աշխարհը վայելելու պատրանքով: Կրտսեր զաւակը ունեցածը մսխելէ ետք՝ ստիպուեցաւ ագարակի մը մէջ խոզ արածել, անօթութենէն չմեռնելու համար: Մարդ արարածն ալ երբ գիտակցօրէն Աստուծմէ հեռանայ՝ անասուններու մակարդակին կ’իջնէ: Այլ խօսքով, երբ անտեսէ արարիչին պատուիրանները՝ իր կիրքերը գոհացնելու համար, անպայման կը հասնի հոգեւոր սնանկութեան: Այնուհետեւ, անառակ որդին իր չքաւորութեան ու խեղճութեան անդրադառնալով՝ զղջաց եւ քաջալերուած իր հօրը բարութենէն՝ առանց վարանումի բռնեց դարձի ճամբան, որուն ծայրը իրեն կը սպասէր իր անյիշաչար ու գթասիրտ հայրը, որ չգանելով խոզահոտ զաւակէն՝ «վզին փաթթուեցաւ եւ համբուրեց»: Մեր երկնաւոր Հայրը եւս իր երեսը մեզմէ չի դարձներ, որքան ալ մեղապարտ ըլլանք: Ան ո'չ մէկը կ’անտեսէ, այլ՝ բոլորս անհուն սիրով կը սիրէ: Իր զաւակին դարձով հրճուած հայրը - կ'ըսէ սուրբ Աւետարանը - հրամայեց սպասաւորներուն իր զաւկին լաւագոյն հագուստը հագցնել եւ մատանին մատին անցընել ու պարարտ եզը մորթել: Հագուստը կամ պամուճանը խորհրդանիշ է արդարութեան եւ սրբութեան, իսկ մատանին՝ թագաւորական արժանապատուութեան: Այլ իմաստով, անառակ որդին, շնորհիւ իր հօր անչափ ողորմութեան եւ անբաւ գթութեան՝ վերստին տիրացաւ իր որդիութեան բոլոր իրաւունքներուն:

Կ’եզրակացնեմ ըսելով, որ Աստուծոյ ողորմութեան եւ շնորհքին դուռը մշտապէս բաց է բոլորիս առջեւ: Տիրոջ աչքին՝ ոչ ոք փրկութեան անարժան է: Ամէնքս Աստուծոյ զաւակներն ենք, երկնքի Արքայութեան ժառանգորդներ եւ Քրիստոսի ժառանգակիցներ:

հայր Գէորգ ծայրագոյն վարդապետ Զապարեան


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ