Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2008 - Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա.Կաթողիկոսը Այցելեց Հռոմի Լեւոնեան Հայ Դպրեվանք

Հռոմ, Իտալիա
 

 
Երեքշաբթի 25 Նոյեմբեր 2008-ի կէսօրին՝ Արամ Ա. Վեհափառը եւ շքախումբը ու նաեւ իրենց ընկերակցող աշխարհականները, այցելեցին Հռոմի Լեւոնեան Հայ Դպրեվանքը: Այս առթիւ, Արհի. Հայր Պետրոս Արք. Միրիաթեան առաջնորդ Հալէպի թեմին եւ Գրիգոր Եպս. Գուսան առաջնորդ Աղեքսանդրիոյ թեմին, յատուկ Հռոմ ժամանած էին ընդունելու Վեհափառ Հայրապետին, յանուն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին: Վաեհափառը դպրեվանքի եկեղեցւոյ մէջ ընդունուեցաւ հրաշափառ շարականով:

Ընդառաջելով Վատիկանի պաշտօնական հրաւէրին՝ Արամ Ա. կաթողիկոս կիրակի, 23 Նոյեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած էր Վատիկան:

Ան առանձին ու հրապարակային հանդիպումներ ունեցաւ 24 Նոյեմբեր 2008ին, Պենետիկտոս ԺԶ. Պապին եւ Վատիկանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ:

Միջքրիստոնէական միութեան ջատագովման պապական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Ուոլթըր Քասփըր երկուշաբթի օր Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանէն ըսաւ, «ցեղասպանութիւնը վարկած մը չէ, այլ՝ իրականութիւն մը: Ասիկա եզրի հարց մը չէ: Անիկա բազմաթիւ զոհերով պատմական իրողութիւն մըն է, եւ այս յիշատակը դարմանումի կը կարօտի: Չեմ գիտեր, թէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները մեղմացնելու համար Վատիկան ի՛նչ կրնայ ընել: Սակայն ասիկա նաեւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար կարեւոր քայլ մըն է: Նախ եւ առաջ, Կաթողիկէ եկեղեցին զոհերուն կողքին կը կանգնի: Ասիկա մեր վարուելակերպը ճշդելու մէջ կարեւոր սկզբունք մըն է»:

 

 

 



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ