Երկուշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2010 - Քահանայական ձեռնադրութիւն սարկաւագ Սիմոն Զաքարեանի

 

Գամիշլի, Սուրիա

 

Շաբաթ 11 Սեպտեմբեր 2010, երեկոյեան ժամը 7-ին, Գամիշլիի սուրբ Յովսէփ կաթողիկէ հայոց աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւնը սարկաւագ Սիմոն Զաքարեանի, Սալիզեան միաբանութիւնէն, ձեռամբ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեանի, առաջնորդ Բերիոյ թեմին կաթողիկէ հայոց եւ առաքելական կառավարիչ Բարձ Ճեզիրէի թեմին:

Սրբազան արարողութեան ներկայ էին՝ Սուրիական պետութեան մօտ պապական նուիրակը արհի. Մարիոյ եպս. Զէնարի, գերյարգելի Անդրանիկ ծ. վրդ. Այվազեան, ընդհանուր կառավարիչ Բարձ Ճեզիրէի կաթողիկէ հայոց թեմին, որ միաժամանակ թարգմանութիւնը կը կատարէր ձեռնադրութեան հիմնական հանգրուաներուն արաբերէն լեզուով, գեր. հայր Մաուրիցիօ վրդ. Էսփրիաֆիկօ, Սալիզեան միաբանութեան նահանգային ընդհանուր պատասխանատու Միջին Արեւելքի, գեր. հայր Մունիր վրդ. Ալրայի, Սալիզեան միաբանութեան նահանգային տնօրէն Միջին Արեւելքի: Ներկայ էին նաեւ Սալիզեան միաբանութեան հայրերը, որոնք եկած էին Լիբանանէն, Դամասկոսէն եւ Հալէպէն, թեմական վարդապետները, քոյր Եկեղեցւոյ ասորի քահանաները, առաքինազարդ հայ քոյրերը, ձեռնադրուողին պարագաները ու բարեկամները եւ հոծ բազմութիւն մը հայ հաւատացեալ ժողովուրդէն.

Սուրբ պատարագին աւարտին, նորօծ վարդապետը իր սրտին խօսք ուղղեց շնորհակալութիւն յայտնելով սրբազան կղերին ապա ուղղուելով  երիտասարդութեան՝ խոստացաւ նեցուկ կանգնի իրենց մօտ նմանելով հայր Պօսկոյի սրբութեան ու հոգեկանութեան.  

Սուրբ պատարագէն ետք, սրբազան կղերը եւ նորօծ վարդապետին պարագաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ թահլիճը ուր տեղի ունեցան շնորհաւորութիւնները.

 

Կը յիշեցնենք թէ հայր Սիմոն վրդ. Զաքարեան ծնած է Գամիշլի, 2 յուլիսի 1978, բարեպաշտ ընտանիքի զաւակ, փոքր տարիքէն կը յաճախէ Սալիզեան միաբանութեան պատանիներու հաւաքավայրը ազդուելով հայր Պոսկոյի հոգեւոր կեանքով, կ՛որոշէ 2001-ին անդամանակցուիլ սոյն Սալիզեան միաբանութեան: 2002-ին Դամասկոսին մէջ իր առաջին կրօնաւորական ուխտերը կատարելէ ետք  կը մեկնի դէպի Լիբանան Հարիսայի Պօղոսեան համալսարանը շարունակելու փիլիսոփայական ուսումները: Ապա կը մեկնի դէպի Իտալիա Թորինոյի Սալիզեան համալսարանին մէջ, ուր երեք տարուայ ընթացքին կ՛ուսանի աստուածաբանական գիտելիքները:

13 Յունիս 2009-ին, կը ձեռնադրուի սարկաւագ, Սալիզեան միաբանութեան մայր տան մէջ Վալտոքօ-Թորինոյի Աստուածամօր աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Ապա կը մեկնի Հռոմ մէկ տարուայ համար, ուր Սալիզեան համալսարանին մէջ հովուականութիւն կ՛ուսանի:

11 Սեպտեմբեր 2010, Գամիշլիի սուրբ Յովսէփ կաթողիկէ հայոց աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, կը ձեռնադրուի քահանայ ձեռամբ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեանի, առաջնորդ Բերիոյ թեմին կաթողիկէ հայոց եւ առաքելական կառավարիչ Բարձ Ճեզիրէի թեմին:

Կիրակի 12 Սեպտեմբեր 2010, առաւօտեան ժամը 9-ին, սուրբ Յովսէփ կաթողիկէ հայոց աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատոյց իր անդրանիկ սուրբ պատարագը շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ բոլոր շնորհքներուն որ ձրիաբար ստացաւ եւ ձրիաբար պիտի բաշխէ բոլորին: 

Նորօծ վարդապետին սրբազան պատկերին վրայ, որ բաժնուեցաւ բոլոր հաւատացեալներուն՝ հետեւեալ նշանաբանը գրուած էր- «... հաստատ մնացէք իմ սիրոյս մէջ... որպէս զի ուրախութիւնս մնայ ձեր մէջ եւ ձեր ուրախութիւնը ըլլայ կատարեալ»(Յովհ. 15: 9-11): Սրտանց կը մաղթենք նորօծ վարդապետին բեղուն առաքելութիւն Տիրոջ այգիին մէջ եւ ճշմարտապէս ըլլայ բաշխող-առաքեալը Քրիստոսի սիրոյն այս աշխարհիս վրայ, ուր աստուածային սէրը յետին կը նուազի:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ