Կիրակի, 1 Ապրիլ 2007 - Ծաղկազարդի Պատգամ-Ս.Փրկիչ Եկեղեցի

Պէյրութ, Լիբանան

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ծաղկազարդի Տօնին առթիւ Ս.Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ Ս.Պատարագի ընթացքին փոխանցեց հետեւեալ պատգամը:


Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր
յատկապէս՝ յոյժ Սիրելի երիտասարդներ եւ  երիտասարդուհիներ, 

 Ծաղկազարդը` Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին տօնն է, երբ բարեպաշտ ժողովուրդը Յիսուսին ընդառաջեց արմաւենիի ոստերով եւ ձէթենիի ճիւղերով:

Երէկ, վերջ գտաւ Քառասնորդաց շրջանը: Այսօր կը սկսինք Աւագ Շաբաթը, որ պիտի պսակուի Քրիստոսի Յարութեամբ: Վաղը սկիզբ կ‏’առնէ Աւագ Շաբթուան պահքը:

Եկեղեցին յատկացուցած է Ծաղկազարդի տօնը որպէս Համաշխարհային Օր երիտասարդութեան՝ Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան յոյսն ու ապագան: Եղբայրասիրութիւնը, ահա պատգամը զոր Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը կը հաղորդէ այսօր համայն աշխարհին, յատկապէս երիտասարդներուն, մէջբերելով Յիսուսին սա խօսքը. «Ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, այնպէս ալ դուք զիրար սիրեցէ՛ք» (Յովհ. 13,34):

Սրբազան Պապը կը հաստատէ թէ սէրը անկարելի  բան մը չէ եւ իր պատգամին նպատակն  է արծարծել երիտասարդներուն մօտ վստահութիւնը անկեղծ սիրոյ մասին: Յայտնի բան է թէ ամէն մարդ կը ցանկայ սիրել եւ սիրուիլ: Կարելի է սակայն առարկել Սրբ. Պապին հետ թէ՝ գեղեցիկ բան է սիրել եւ սիրուիլ, բայց որքան դժուար է տհաճելի, ստախօս, ագահ կամ հպարտ մարդիկը սիրել: Եւ քանի քանի անգամներ վստահեցանք մէկու մը եւ յուսախաբ գնացինք, այն աստիճան որ ոմանք չեն հաւատար թէ իսկական սէրը կրնայ տակաւին գոյութիւն ունենալ: Սրբազան Պապը կը հարցնէ. «Եթէ յուսախաբութիւնները կը մղեն մէկը մտածելու թէ սէրը ցնորք է կամ անհասանելի երազ մըն է, արդ՞եօք պէտք է համակերպիլ նման ժխտական •աղափարի մը: Ո՛չ, կը պատասխանէ Սրբազան Հայրը, որովհետեւ անկեղծ սէրը գոյութիւն ունի եւ յառաջ կը բերէ խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն: Սէրը կը զօդէ մարդիկը իրարու հետ եւ նուիրումի ոգին կը ներշնչէ բարեսիրտ մարդոց:

Պէտք է համոզուիլ նախ եւ առաջ, որ Սիրոյ հիմը Աստուածն է: Ս. Յովհաննէս աստուածային յատկութիւնները կը համառօտէ մէկ խօսքին մէջ, երբ կ’ըսէ. «Աստուած Սէր է»: Իսկ Քրիստոսի Խաչը լիովին կ’արտայայտէ Աստուծոյ անհուն սէրը մարդկութեան հանդէպ, մեղաւորներուն հանդէպ, երբ Յիսուս իր կեանքը զոհեց անոնց համար, մեզմէ ամէն մէկուն փրկութեան համար: Քրիստոս վրան առաւ աշխարհի բոլոր մեղքերը, եւ մարդու սիրտէն արմատախիլ ըրաւ ատելութիւնը ու անոր տեղ զետեղեց սէրը: Ասոր համար ամէն մարդ կ’ուզէ անպատճառ սիրել եւ սիրուիլ: Սիրոյ միջոցաւ Քրիստոս մեծ յեղաշրջում մը կատարեց աշխարհի վրայ: Հիմա կրնանք ընկերը սիրել ինչպէս որ է, այսինքն ինչպէս Քրիստոս զինք կը սիրէ: Եւ բազմաթիւ քրիստոնեաներու օրինակները զայն կը փաստեն իրենց նուիրումով, բարեսիրական գործերով, ծառայութեամբ եւ մխիթարելով: Այս սիրոյ արտայայտութիւնները կը դարձնեն նուիրեալ հոգիները, ընկերային ծառայողները՝ Քրիստոսի սիրոյ վկաները աշխարհի դիմաց:

Նշանածներուն մասին Սրբազան Քահանայապետը կ’ըսէ. «Զոյգի մը համար՝ սորվիլ անկեղծ սիրով իրար զիրար սիրել հիանալի փորձառութիւն մըն է, բայց ատիկա կը պահանջէ լուրջ փորձաշրջանի մը, որ հիմնական է զոյգի մը կազմաւորումին համար, եւ որ պէտք է ապրի ողջախոհութեամբ՝ թէ կեցուածքով եւ թէ խօսքով:

Այս վերաբերմունքը, նշանածներուն առիթ կու տայ հասուննալու եւ ընկերոջ հանդէպ վարուելու լրջութեամբ եւ ուշադրութեամբ՝ տիրապետելով իրենց զգացուներուն: Այս վարուելակերպը կը զարգացնէ զոյգին մօտ փոխադարձ յարգանքը, որ նշանն է ճշմարիտ սիրոյ եւ որ չի փնտռեր անձնական գոհունակութիւնը կամ հանգիստը, այլ՝ ընկերոջը:

Զոյգերը թող միասին աղօթեն եւ խնդրեն Աստուծմէ որ պահպանէ անոնց սէրը, որպէսզի անձնասիրութենէն հեռու մնան, որովհետեւ քրիստոնէական ամուսնութիւնը որուն կը ձգտին յատուկ կոչում մըն է սիրոյ վրայ հիմնուած:

Նոյնպէս, երիտասարդները որոնք Աստուծոյ ձայնը կը լսեն քահանայական կամ կրօնաւորական կեանքին համար, թող Այ՛ո ըսեն աստուածային կոչին: Ձեր բարի օրինակը, սիրելիներս, քաջալերանքի առիթ պիտի ըլլայ ձեր հասակակիցներուն համար, որոնցմէ շատեր կը փնտռեն իրենց կեանքին իմաստը: Սրբազան Հայրը կը հրաւիրէ զիրենք աճելու ամէն օր սիրոյ մէջ:

Երրորդ սիրոյ վայրը՝ առօրեայ կեանքն է իր զանազանեալ յարաբերութիւններովը, առաւելաբար ընտանիքէն ներս, ինչպէս նաեւ ուսման, գործի ու հանգիստի պահերուն:

«Սիրելի երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, կ’ըսէ Սրբազան Պապը, մշակեցէ՛ք ձեր ձիրքերը, ոչ միայն նախանձելի դիրքի մը կամ կարեւոր պաշտօնի մը հասնելու համար, այլ նաեւ ուրիշներուն օգտակար ըլլալու համար: Զարգացուցէ՛ք ձեր կարողութիւնները, ոչ միայն աւելի մրցական դառնալու համար ընկերութեան մէջ, այլ նաեւ ըլլալու համար եղբայրասիրութեան •ործիչներ: Ձեր արհեստավարժութեան պատրաստութեան զուգահեռ, ջանացէ՛ք ճանչնալ նաեւ կրօնական գիտելիքները, որ ձեզի օգտակար պիտի հանդիսանան ձեր առաքելութիւնը պատասխանատու կերպով կատարելու համար:

Թո՛ղ Սուրբ Հոգին ձեզ հնարամիտ դարձնէ եղբայրասիրութեան մէջ, յարատեւող յանձնառումներուն մէջ եւ յանդուգն նախաձեռնութիւններուն մէջ, նպաստելու համար «սիրոյ քաղաքակրթութեան»: Յիրաւի, սիրոյ հորիզոնը անսահման է, արար աշխարհն է» յարեց Սրբազան Պապը:

Վերջապէս, Սրբազան Հայրը կը հրաւիրէ քրիստոնեաները եւ յատուկէն երիտասարդները, որ հետեւին սուրբերու կեանքին: Եւ իբր օրինակ՝ անոնց կու տայ Երանելի Մայր Թերեզան, որուն միակ փափաքն էր յագուրդ տալ Յիսուսի սիրոյ ծարաւին՝ ոչ խօսքով, այլ գործնական կերպով՝ այսինքն օգնելով աղքատներուն մէջէն ամենէն աղքատներուն: Մայր Թերեզային՝ այս համեստ կնոջ պատգամը տարածուեցաւ աշխարհի չորս կողմ ինչպէս գիտէք: Սիրելիներս, ամէնքդ կոչուած էք հասնելու նման նուիրումի մակարդակին: Բայց հոն հասնելու համար, պարտիք դիմել աստուածային շնորհքին: Տիրոջ օ•նութիւնը ձեզ պիտի ազատէ նաեւ յուսահատութեան փորձութենէն, երբ նշմարէք աշխատանքի հսկայ պահանջները եւ ձեր նեղ միջոցները: Ան պիտի տայ ձեզի քաջութիւնը իրագործելու այն ինչ որ մարդկային առումով անկարելի կը թուի: Աղօթքը եւ Սուրբ Հաղորդութիւնը հարկաւոր միջոցները պիտի ըլլան ձեզի ձեր նպատակին հասնելու համար»:

Այս է Սրբազան Քահանայապետին ուղղուած պատգամին պարունակութիւնը Ծաղկազարդի Տօնին Համաշխարհային Երիտասարդութեան Օրուան առիթով: Ինչ որ Սրբազան Պապը ըսաւ երիտասարդներուն կը զօրէ բոլոր քրիստոնեաներուն, քանի որ սէրը քրիստոնեայ կրօնքին հիմն է ու անոր մեծագոյն առաքինութիւնը:

Սիրելիներս, ձիթենեաց ոստը որ կը ստանաք խաղաղութեան նշան է, որպէսզի խաղաղ ապրիք եւ կարենաք սիրոյ հետ միասին խաղաղութիւնն ալ սփռել ձեր շրջապատէն ներս: Կը մաղթեմ որ ձեր միջոցաւ ճշմարիտ սէրը իշխէ անձերուն, ընտանիքներուն եւ ընկերութիւններուն վրայ, որպէսզի համերաշխութիւնը տիրէ Լիբանանի բոլոր հատուածներուն միջեւ եւ կարենանք վայելել շուտով խաղաղ եւ սիրոյ մթմոլորտ մը. Ամէն:        

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ