Ուրբաթ, 7 Յունիս 2013 - Նուրհան արք. Մանուկեան պատրիարքին գահակալութիւնը Երուսաղէմի մէջ

Երուսաղէմ

Երեքշաբթի 4 յունիս 2013-ին տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի հայոց ընտրեալ պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանին գահակալութիւնը, Սրբոց Յակոբեանց մայրավանքին մէջ, Երուսաղէմ: Կղերական ներկայացուցիչներու կողքին իր մասնակցութիւնը բերաւ Երուսաղէմի եւ Յորդանանի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ գերյ. հայր Յովսէփ թ.ծ.վ. Քէլէկեան:

Այս առիթով մատուցուած գահակալութեան արարողութեան ընթացքին յանուն Երուսաղէմի միաբանութեան ուղերձ կարդաց լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիպեան, որ այնուհետեւ պատրիարքական ասան յանձնեց նորընտիր պատրիարքին, որ ծնրադիր կատարեց իր ուխտը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ