Չորեքշաբթի, 18 Յուլիս 2007 - Հայրապետական Պատգամ Աստուծոյ Գթութեան Մասին

Յիսուսի Քրիստոսի Ծառայ
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
Ողորմութեամբ Աստուծոյ
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳԹՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Առաջին Համաշխարհային Առաքելական Համաժողովին առիթով

Պատուական եղբայրներուն՝ Արհի. Արհի. Արքեպիսկոպոսներուն, Եպիսկոպոսներուն, Յարգոյ Քահանաներուն, Սարկաւագներուն, Առաքինափայլ Կոյսերուն եւ Հաւատացեալ ժողովուրդին
ՈՂՋՈՅՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՒԱՆԴ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ


1. Ներածութիւն.

«Քոյր Ֆաուսթինայի սրբութեան հռչակումը ինքնին խօսուն է: Այս հռչակումով կ’ուզեմ այսօր այս պատգամը փոխանցել նոր հազարամեակին»: Այս խօսքերով, երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը, 30 Ապրիլ 2000ին, սրբուհի հռչակեց Ֆաուսթինա Քովալսքա, որ 2000ի Սուրբ Տարուայ հռչակուած առաջին սուրբը հանդիսացաւ: Սրբազան Հայրը ամէն տարուայ Նոր Կիրակին միան•ամայն Աստուծոյ Գթութեան Կիրակի նշանակեց: Սրբազան Պապին պատգամին գլխաւոր նպատակն էր այդ օրը «Գթութեան Վկաներ»ու ուղղուած կոչ դարձնել:
Նկատի առնելով ներկայ դարուս մարդկութեան կարիքը աստուածային •թութեան հանդէպ, Եկեղեցին որոշեց Աստուծոյ Գթութեան Առաջին Համաշխարհային Առաքելական Համաժողովը գումարել Վատիկան 2էն 6 ապրիլ 2008ին, որ կը զուգադիպի Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի վախճանման երրորդ տարելիցին հետ:
Պատշաճ համարեցինք Աստուծոյ Գթութեան պատգամը ուղղել նաեւ աշխարհացրիւ մեր Եկեղեցւոյ զաւակներուն՝ ի պատրաստութիւն վերոյիշեալ Համաժողովին, մատնանշելու համար անոր կարեւորութիւնը ի սպաս հոգեւոր կեանքի վերանորոգումին: 

2. Ո՞վ է Ֆաուսթինա Քովալսքա.
 
Աստուածային Գթութեան առաքեալը, Սրբուհի Ֆաուսթինա կը պատկանի այն սուրբերու շարքին, որոնք լայն հռչակի արժանացան եւ որոնց հանդէպ բարեպաշտութիւնը արագօրէն տարածուեցաւ, մանաւանդ Յիսուսի Գթութեան ծանօթ պատկերին սփռումով: Ան ծնաւ Լեհաստան 25 Օգոստոս 1905ին Կլոկովիէվ գիւղին մէջ՝ համեստ եւ բարեպաշտ ծնողքէ, հանդիսանալով տասը զաւակներէն երրորդը:
Փոքր տարիքէն, ան ցոյց տուաւ իր հակումը հանդէպ աղօթքի, աշխատանքի եւ հնազանդութեան եւ յատկապէս գութը՝ մարդկային խեղճութեան: Ինը տարեկանին, ընդունեցաւ Առաջին Սուրբ Հաղորդութիւնը, եւ Աստուածային Հիւրին ներկայութիւնը իր հոգիին մէջ խոր կերպով տպաւորեց զինք: Հազիւ երեք տարի դպրոց յաճախելէ յետոյ, դեռատի աղջիկը իր տան ծախսերուն օգնելու նպատակով, ծառայութեան համեստ աշխատանքներ ըրաւ  բարեկեցիկ ընտանիքներուն մօտ: Եօթը տարեկանին, իր սրտին մէջ ծնաւ կրօնաւորական կոչումը, բայց իր ծնողքը համաձայն չ‏ըլլալով, ջանաց մոռնալ մայրապետութեան միտքը: Յետագային, չարչարուած Քրիստոսի տեսիլքէն ազդուած՝ վանք մտաւ: Քսան տարեկան էր: Տասներեք տարի կրօնաւորական կեանք ապրեցաւ, ստանձնելով խոհարարուհիի, պարտիզպանուհիի եւ դռնապանուհիի պաշտօնները, զորս կատարեց բծախնդրութեամբ:
Արտաքինէն դիտուած, ո՛չ մէկ նշան գուշակել կու տար անոր բացառիկ եւ միսթիքական բեղուն կեանքը: Իր պարտականութիւնները կը կատարէր հաւատարմութեամբ հետեւելով վանական կանոններուն: Ինքնին վերապահ եւ լռակեաց ըլլալով հանդերձ, ան զեղուն էր բարեացակամութեամբ ուրիշներուն հանդէպ: Անոր երեւութապէս պարզ եւ միակերպ կեանքը կը ծածկէր սերտ միութիւն Աստուծոյ հետ:
Իր հոգեւոր կեանքին հիմն էր Աստուածային Գթութեան խորհուրդը, որուն մասին յաճախ կը խոկար եւ այս յաճախակի խորհրդածութիւնը կը ստեղծէր իր մէջ որդիական վստահութիւն Աստուծոյ հանդէպ եւ գթութիւն՝ հանդէպ ընկերոջ:
 


Իր կրօնաւորական կեանքին ընթացքին, Աստուած իրեն պարգեւեց արտակար• շնորհքներ՝ յայտնութիւններ, երեւումներ, թաքուն սպիներ, ինչպէս նաեւ կարողութիւն մար•արէանալու եւ հոգիներուն մէջ կարդալու: Բազմաթիւ գերբնական շնորհքներ վայելելով հանդերձ, ան գիտակից էր թէ անոնք սրբութիւնը չեն կազմեր: Ան կը գրէր. «Ինծի շնորհուած ո՛չ շնորհքները, ո՛չ երեւումները, ո՛չ յափշտակութիւնները եւ ո՛չ ալ որեւէ ուրիշ պարհեւներ՝ զիս կատարելութեան չեն հասցներ, այլ միայն՝ Աստուծոյ հետ իմ հոգիիս սերտ միութիւնը » (Օրագրութիւն):
Աստուած ընտրեց Քոյր Ֆաուսթինան, որպէսզի իբր առաքեալ՝ իր անհուն Գթութիւնը մարդոց փոխանցէ: Անոր առաքելութիւնը երեք մարզ ունէր.
   - Աշխարհին հռչակել Սուրբ Գիրքին մէջ յայտնուած Աստուծոյ գթառատ սէրը ամէն մարդու հանդէպ:
   - Աղերսել Աստուածային Գթութիւնը համայն աշխարհին, մանաւանդ՝ մեղաւորներուն համար:
 - Ներշնչել հովուական շարժում մը Աստուածային Գթութեան շուրջ, զայն աշխարհին յայտնելու համար: Հետապնդել Աստուծոյ հանդէպ որդիական վստահութեան վրայ հիմնուած քրիստոնէական կատարելութիւնը, որ կ’արտայայտուի Աստուծոյ կամքը կատարելով եւ ընկերոջ հանդէպ բարեգութ ըլլալով: Այս հովուական շարժումին կը հետեւին այսօր միլիոնաւոր մարդիկ աշխարհի չորս կողմերէն:
Քոյր Ֆաուսթինա, միստիքապէս միացած Աստուծոյ հետ, իր աչքերը փակեց 5 Հոկտեմբեր 1938ին, 33 տարեկան հասակին, հիւծած՝ հիւանդութենէ եւ բազմաթիւ չարչարանքներէ, զորս սիրայօժար կը կրէր մեղաւորներուն համար: Անոր սրբութեան համբաւը շուտով տարածուեցաւ շնորհիւ Աստուածային Գթութեան ջերմեռանդութեան, շնորհիւ նաեւ իր բարեխօսութեամբ ստացուած շնորհքներուն: Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը զինք երանելի հռչակեց 18 Ապրիլ 1993ին եւ սրբուհի յայտարարեց 30 Ապրիլ 2000ին, Մեծ Յոբելեանի Տարուան առիթով:

 

3. Քոյր Ֆաուսթինա՝ Աստուծոյ անհուն գթութեան վստահութեան տիպար.
 
Ամէն սուրբ՝ քրիստոնէական կատարելութեան օրինակ մըն է, զինք յատկանշող հոգեւոր եւ առաքելական դրոշմներով: Նոյնն է պարագան նաեւ սրբուհի Ֆաուսթինայի: Յիսուս զինք ընտրեց որ ըլլայ իր անհուն գթութեան հանդէպ վստահութեան տիպարը: Ս. Աւետարանի վրայ խորապէս ամրացած, անոր կեանքի օրինակը ամէնուն մատչելի է: Զայն կարելի է սահմանել հետեւեալ բանաձեւին մէջ. «Աստուծոյ վստահէ՛ եւ ընկերդ սիրէ՛»:

ա- Ին՞չ կը նշանակէ վստահութիւն ունենալ Աստուծոյ վրայ.
 
Յիսուս Քոյր Ֆաուսթինային ըսաւ. «Իմ Գթութեանս շնորհքները կարելի է ստանալ միայն վստահութեան միջոցով: Որքան անձը աւելի վստահութիւն ունենայ, նոյնքան շնորհք կը ստանայ»: Եւ աւելցուց. «Ան որ կը վստահի իմ Գթութեանս վրայ, ամէնէն երջանիկ մարդն է, որովհետեւ ես անձամբ կը գուրգուրամ իր վրան»: Այս վստահութիւնը բաղկացած է հետեւեալ չորս առաքինութիւններէն՝ հաւատք, յոյս, խոնարհութիւն եւ զղջում:
Հաւատքը՝ հիմնական առաքինութիւնն է: Կու տայ գիտակցութիւնը գերբնական ճշմարտութեան, կ’արծարծէ հոգիին մէջ յաւիտենական բարիքներու բաղձանքը եւ կը գրգռէ յոյսը անոնց հասնելու համար: Վստահութիւնը Աստուծոյ հանդէպ այնքան ամուր կը դառնայ որքան անձը խոնարհ է: Արդարեւ, վստահութիւնը եւ խոնարհութիւնը իրարմէ անբաժան են: Հպարտ մարդը չի կրնար վստահիլ Աստուծոյ վրայ, ան կը նախընտրէ վստահիլ իր դրամին, իր դիրքին, իր ազդեցիկ ծանօթներուն վրայ եւ իր կեանքը կը հիմնէ մարդկային հաշիւներուն վրայ: Խոնարհ մարդը կը ճանչնայ իր անձնական խեղճութիւնը եւ կը զղջայ իր գործած յանցանքներուն համար: Վստահութիւնը մարդուն Աստուծոյ սիրոյն հանդէպ յարմարագոյն կեցուածքն է  եւ զինք ատակ կը դարձնէ Աստուծոյ գործերը կատարելու:  


բ- Քոյր Ֆաուսթինային մանկանման վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ.
 
Քոյր Ֆաուսթինա յաճախ կը մօտենար սուրբ խորհուրդներուն եւ առիթ չէր փախցնէր Ս. Հաղորդութիւնը ընդունելու, նոյնիսկ իր ծանր հիւանդութեան ատեն: Իր ազատ պահերը կ’անցընէր երկրպագութիւն ընելով տապանակին առջեւ: Կ’ըսէր. «Յիսուս՝ իմ ուսուցիչս է, իրմէ ամէն բան կը խնդրեմ, իրեն հետ ամէն բանի մասին կը խօսիմ, իրմէ ոյժ կը ստանամ, իրմէ ամէն ինչ կը սորվիմ, իրմէ լոյս կ’ընդունիմ գիտնալու համար թէ ուրիշներուն  հետ ինչպէս պէտք է վարուիմ»:
Փոքր հասակէն իսկ՝ իր հաւատքին լոյսով Յիսուսը կը տեսնէր իր հոգիին մէջ: Կ’ըսէր. «Սերտօրէն միացած կը մնամ Յիսուսին հետ. իրեն հետ գործի կ’երթամ, իրեն հետ զբօսանքի կ’ելլեմ, իրեն հետ կը չարչարուիմ, իրեն հետ կր հրճուիմ, իր մէջ կ’ապրիմ եւ ան՝ իմ մէջս: Երբեք առանձին չեմ, քանի ինքը իմ մնայուն ընկերս է»: Յիսուս իրեն հասկցուց որ հոգիները իրմէ կը բաժնուին միմիայն մահացու մեղքով:
Որքան կը յառաջանար հաւատքի ճամբու վրայ, նոյնքան իր վստահութիւնը կ’աճէր Յիսուսին հանդէպ՝ եւ ինքզինք անոր կը յանձնէր, մանուկի մը պարզութեամբ հանդէպ լաւագոյն հօր: Աստուածային լոյսով կը ճանչնար իր թերութիւնները եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէր Աստուծոյ: Կ’ըսէր. «Ո՜վ Ամենաբարի Յիսուս, շնորհակալ եմ քեզի այս մեծ շնորհքին համար, որով ինծի ճանչցնել տուիր ինքզինքս՝ խեղճութիւնս եւ մեղքս»: Կը ջանար ապրիլ ամէն օր հաւատքի հոգիով: Իր աղօթքին ընթացքին կը խնդրէր լոյսը, որպէսզի իր առնելիք որոշումներուն մէջ առաջնորդուի ո՛չ թէ մարդկային հաշիւներով, այլ հաւատքով, եւ իր արժանապատուութեան յարմար տեղը տայ, այսինքն՝ յետին տեղը:
Քոյր Ֆաուսթինա անդրադարձած էր որ մարդկային բնութիւնը արատաւորուած էր սկզբնական մեղքով եւ անձնական յանցանքներով, ուստի կը կարօտէր մաքրումի, բան մը զոր կարելի է միայն խոնարհութեամբ ձեռք ձգել: Այսպէս, ան որոշեց ամէն խոնարհեցումին համար շնորհակալութիւն յայտնել եւ յատկապէս աղօթել ամէն անձին համար, որ իրեն առիթ կու տայ խոնարհելու: Որոշեց իր կեանքը տրամադրել՝ խոնարհաբար ծառայելով ուրիշներուն: Կ’ըսէր. «Ինքզինքս կը դնեմ քոյրերուն ոտքերուն տակ՝ փոքր գորգի նման, որուն վրայ ո՛չ միայն կրնան կոխել, այլ նաեւ իրենց ոտքերը սրբել»: Կը ջանար գործադրել այս առաքինութիւնը լռելեայն, գաղտնաբար եւ անտեսանելի կերպով, որպէսզի խոնարհութեան բոյրը հասնի միայն Աստուծոյ:
Մարդկային խեղճութեան մասին գիտակցութիւնը անոր աչքերը բացաւ միեւնոյն ատեն Աստուծոյ անսահման գթութիւնը ճանչնալու: Ասոր համար, ան որդեգրեց հետեւեալ սկզբունքը. «Մէկ աչքով նայիլ իր անձնական խեղճութեան վիհին եւ միւս աչքով՝ Աստուծոյ գթութեան մեծութեան»:
Վստահութեան հերոսական այս մակարդակին հասնելու համար, Քոյր Ֆաուսթինա երկար տարիներ ինքզինք հրահանգեց: Իրեն պատահող առօրեայ բոլոր դէպքերը, նոյնիսկ ամէնէն աննշանները կ’ընդունէր մանուկի պարզութեամբ եւ Աստուծոյ հետ աւելի միանալու որպէս առիթ ու շնորհք: Հեշտ է վստահիլ Աստուծոյ երբ ամէն ինչ հեզասահ կ’ընթանայ, բայց դժուար՝  երբ ծանր փորձանքներու կ’ենթարկուինք: Այդ պարագաներուն, Աստուծոյ բարութեան վրայ մեր վստահութիւնը պէտք է յաղթահարէ մարդկային հաշիւները եւ տրամաբանութիւնները: Ան կ’ըսէր. «Այդ պարագաներուն, ծունկի կու գայի տապանակին առջեւ եւ Տիրոջ կ’ըսէի. Եթէ նոյնիսկ զիս մեռցնես, պիտի վստահիմ Քեզի»: Այսպիսի տեսակ հաւատք մը կը փարատէր իր հոգիին վախը եւ իրեն ոյժ կու տար դիմագրաւելու ցաւերը, մինչեւ իսկ մահը: Յիսուս կը գովէր անոր վստահութիւնը ըսելով. «Դուն իմ սրտիս մէջ մեծ եւ անպատմելի իրաւունքներ ունիս, որովհետեւ դուն լի վստահութեամբ զաւակ մըն ես»:

գ- Վստահութիւնը կ’արտայայտուի հնազանդութեամբ.
 
Աստուծոյ հանդէպ վստահութեան կեցուածքը կ’արտայայտուի հնազանդելով Տիրոջ, այսինքն ճանչնալով զԱստուած որպէս գթառատ Հայր, որ կ’ուզէ իր զաւկին երջանկութիւնը: Սրբուհին շուտով հասկցաւ, որ Աստուծոյ կամքը կատարելը՝ սրբութեան ամենակարճ ճամբան է: «Հասկցայ, որ սրբութիւնը կը կայանայ Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ»: Ամէնքս գիտենք այս ճշմարտութիւնը, բայց կարեւորը՝ զայն խորապէս ըմբռնելն եւ հաւատարմաբար գործադրելն է: Աստուծոյ կամքը կատարելով, Սրբուհիին որդիական վստահութիւնը եւ հոգեւոր ոյժը օրէ օր կ’աճէին եւ իրեն կարողութիւն կու տային տոկալու նոյնիսկ դժնդակ փորձանքներուն: Օր մը, նուիրումի յատուկ ներգործութիւն մը պատրաստեց, որուն մէջ Աստուծոյ կ’ըսէր. «Առաջնորդէ՛ զիս այն ճամբաներէն, որ դուն կ’ուզես: Լի ու լի վստահութիւն ունիմ քու կամքիդ վրայ, զոր ինծի կը ներկայացնեն քու սէրդ եւ աստուածային գթութիւնդ: Եթէ զիս առնես երիտասարդ տարիքէս, օրհնեա՛լ ըլլաս: Եթէ ուզես որ խոր ծերութեան հասնիմ, օրհնեա՛լ ըլլաս: Եթէ ուզես ինծի քաջառողջութիւն եւ ոյժ շնորհել, օրհնեա՛լ ըլլաս: Եթէ ուզես զիս ցաւերով անկողնիս մէջ քամել, նոյնիսկ ամբողջ կեանքիս ընթացքին, դարձեալ կ’ըսեմ՝ օրհնեա՛լ ըլլաս»: Ասոնք լոկ բառեր չէին, այլ՝ վստահող սրտի եռանդէն բխած խօսքեր, որովհետեւ Սրբուհին Աստուծոյ սէրը կը տեսնէր ամէն մէկ դէպքին մէջ: 
Իրապէս, Քոյր Ֆուասթինա Աստուծոյ հանդէպ վստահութեան տիպար եղաւ եւ անոր Կամքին կատարեալ ու հաւատարիմ գործադրողը: Իր կեանքով եւ գրութիւններով, ան մարդոց սորվեցուց  ի՛նչպէս կարելի է գործնականապէս ձեռք ձգել այսպիսի վստահութիւն մը եւ ի՛նչպէս ձգտիլ Աստուծոյ միութեան՝ ամէնէն կարճ եւ ապահով ճամբով: Ներկայ ժամանակներուն, երբ աշխարհին մէջ յոյսը կը պակսի, երբ իշխանութեան եւ անվստահութեան տագնապները կը ճնշեն մարդուն վրայ, երբ անձին պաշտամունքը կը տարածուի, Քոյր Ֆաուսթինայի օրինակը յատուկ նշանակութիւն ունի: Ան գթութեան մէջ կը փայլի որպէս աստղ, ցոյց տալով ուղեկորոյս մարդոց ուղիղ ճանապարհը, որ է լման վստահութիւն ունենալ Աստուծոյ հանդէպ, բոլոր պարագաներուն մէջ, եւ կատարել անոր սիրոյ կամքը:

4. Քոյր Ֆաուսթինա՝ գթութեան տիպար.

ա-  Գթութիւնը Սրբուհիին վկայութիւններուն մէջ.
 
Գթութեան գործադրութիւնը պարզ խրատ մը կամ առաջարկուած ուղղութիւն մը չէ, այլ՝ ամէն հաւատացեալ քրիստոնեային պարտականութիւնն է: Ան եղբայրասիրութեան աւետարանական պատուիրանն է հանդէպ ամէն մարդու՝ անգամ թշնամիին: Ընկերոջ հանդէպ ցուցաբերած գթութիւնը Աստուծոյ •թութեան  մասնակցութիւնն է՝ քանի Յիսուս եղբայրասիրութեան տիպարն է: Այս երկու սէրերը սերտօրէն միացած են իրարու՝ Քոյր Ֆաուսթինային քով: Ան կ’ըսէր. «Յիսուսէն... կը սորվիմ բարի ըլլալ՝ որպէսզի կոչուիմ զաւակ երկնաւոր Հօր: Կը ցանկամ, ո՜վ Տէր, որ աչքերս, լսողութիւնս, լեզուս, ձեռքերս, ոտքերս եւ սիրտս բարեգութ ըլլան»: Նման եղբայրասիրութիւն մը, որուն աղբիւրն է Աստուծոյ սէրը, ճշմարիտ է, համբերող է, տոկուն է եւ կարող է մեծ գործեր կատարել: Սէ՛րը միայն կրնայ արժեւորել ամէն գործ որ կը կատարենք: Սրբուհին կ’ըսէր նաեւ. «Աստուծոյ հետ միացած անձի մը մէկ բառը աւելի բարիք կ’ընէ քան պերճախօս վիճաբանութիւն մը կամ քարոզ մը՝ անկատար հոգիէն բխած»: Բայց ան քաջ գիտէր որ նախ ի՛նք պէտք ունէր դարձի գալու, պէտք ունէր կերպարանափոխուելու եւ Յիսուսի հետ միացած մնալու: «Մարդիկ որ սիրոյ մէջ կ’ընթանան, կ’ըսէր ան, մեծ արթնամտութիւն մը կը վայելեն եւ գիտեն զանազանել աստուածային գործերը»:

բ. Եղբայրասիրութեան գործադրութիւնը.
 
Քոյր Ֆաուսթինա եղբայրասէր ըլլալու համար՝ արտասովոր առիթներուն չէր սպասեր: Ընդհակառակը, ան առիթը կը փնտռէր իր սէրը անկեղծութեամբ եւ գաղտնաբար արտայայտելու,  անոնց որոնք իր օգնութեան կը կարօտէին: Յաճախ իր վիշտերը եւ իր յոգնութիւնը մարդոց դիտաւորութեան համար կը նուիրէր: Կը ծածկէր իր անձնական ցաւերը, կեդրոնացնելով իր ուշադրութիւնը ուրիշներուն կարիքներուն վրայ, որոնց մէջ կը տեսնէր Յիսուսին պատկերը: Կ’ըսէր. «Մարդոց ցաւերը կ’արձագանգէին սրտիս մէջ: Իրենց նեղութիւնները մէջս կը կրէի, այն աստիճան որ անոնք զիս ֆիզիքապէս կը խորտակէին: Կը փափաքիմ որ մարդոց բոլոր ցաւերը տեղային իմ վրաս, ուրիշներուն սփոփանք պատճառելու համար»:
Իր Օրագրութեան մէջ՝ կը կարդանք բազմաթիւ դիտաւորութիւններ իր լեզուին տիրապետելու առընչութեամբ. օրինակ՝ չխօսիլ բացականերու մասին, պաշտպանել ուրիշի մը համբաւը, լռութիւն պահել, եւլն.: Գիտակից ըլլալով լեզուն զսպելու դժուարութեան, երբ կը մօտենար Ս. Հաղորդութեան, կը խնդրէր Յիսուսէն, որ օգնէր իրեն, որ չըլլայ թէ մէկը վիրաւորէր, այլ՝ իր լեզուն գործածէր միայն զԱստուած փառաբանելու եւ ուրիշներուն բարիքը պաշտպանելու: Իր լեզուով, Քոյր Ֆաուսթինա գթութեան օրինակ մը եղաւ՝ վկայութեամբ իր միաբանակից Քոյրերուն:
Քոյր Ֆաուսթինա իր գթութիւնը  կ’արտայայտէր ո՛չ միայն գործով եւ խօսքով, այլ նաեւ աղօթքով: Ամէն առիթէն կ’օգտուէր որպէսզի աղօթէր մարդոց համար, մանաւանդ ամէնէն աւելի պէտք ունեցողներուն՝ այսինքն մեղաւորներուն եւ մահամերձներուն: Ան յաճախակիօրէն աղօթելու անհրաժեշտութիւնը կը զգար, համոզուած ըլլալով աղօթքին արժէքին եւ անոր ազդեցութեան մասին: Աղօթքը շատ կարեւոր տեղ կը գրաւէր գթութեան գործընթացին մէջ: Գիտէր օգտագործել իր աշխատանքի ժամերը, դադարի պահերը եւ գիշերուայ անքնութիւնը՝ աղօթելու համար:

գ- Առաքելական եռանդը հոգիներուն փրկութեան համար.
 
Քոյր Ֆաուսթինային գթառատ սիրոյ յատուկ արտայայտութիւնը կը կայանար հոգիներուն փրկութեան հանդէպ անոր մտահոգութեան մէջ: Հոգիներուն փրկութեան հանդէպ, իր առաքելական մեծ եռանդին մասին իր Օրագրութիւնը բազմաթիւ նկարագրութիւններ կը պարունակէ: Այն հոգիներէն էին այն աղջիկները, որոնք յանձնուած էին իր Միաբանութեան խնամքին: Անոնցմէ էին իրմէ ծառայութիւն ընդունողները որպէս վանքին դռնապանուհի: Անոնցմէ էին ծնողները, ծանօթները եւ անծանօթները, հաւատացեալները ու մանաւանդ մեղաւորները եւ մահամերձները: Ամէն օր իր աղօթքները, իր աշխատանքը եւ իր ցաւերը անոնց դարձին համար կը նուիրէր: Երբ գիտնար թէ անձ մը մեղքի վտանգին մէջ է, կը հայցէր Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ կ’ենթարկէր ինքզինք զանազան մահացուցումներուն եւ ապաշխարանքի գործերուն, այն անձը մեղքէն ազատելու համար: Չէր գոհանար Աստուծոյ մատուցանելով իր անձնական մահացուցումները, աղօթքները եւ ցաւերը: 1934ին, Աւագ Հին•շաբթի օրը, Քոյր Ֆաուսթինա շարադրեց իր հոգեւոր կտակը, որուն մէջ իր անձը կամաւոր ընծայեց մեղաւորներուն համար, մանաւանդ անոնց համար՝ որոնք կորսնցուցած են իրենց յոյսը Աստուծոյ գթութեան վրայ: Եւ Յիսուս զինք բաժնեկից դարձուց իր չարչարանքներուն, որպէսզի մասնակից ընէ զինք հոգիներու փրկչագործութեան: Ան յաճախ Յիսուսի ցաւագին վէրքերուն տառապանքները կը կրէր իր մարմնին մէջ: «Այս ցաւերը, կ’ըսէր, վառեցին հոգիիս մէջ սիրոյ բոցը»: Երջանիկ էր երբ տառապէր մեղաւորներուն համար, որպէսզի գթութեան առաքելութիւնը նաեւ այ՛ս կերպով գործադրէր: Անոնց դարձը առ Աստուած կը կազմէր իր առաքելութեան նպատակակէտը:

5. Երբ սովորականը արտասովոր կը դառնայ.

Քոյր Ֆաուսթինա իր կեանքին ընթացքին մեծ գործեր չկատարեց, գործեր որոնք կրնային զարմանք պատճառել կամ երախտագիտութեան առիթ ընծայել: Ան նախակրթարանը չաւարտած՝ իբր սպասուհի աշխատեցաւ, իսկ վանքին մէջ ստանձնեց համեստ պաշտօններ: Իր արտաքին կեանքը, դուրսէն դիտուած, միապաղաղ եւ միօրինակ էր: Օրերը իրարու կը նմանէին՝ միեւնոյն աղօթքի եւ աշխատանքի կշրոյթով: Եւ սակայն, այս սովորական երեւոյթին տակ, անոր մէջ ներքին կեանքի հարստութիւն մը թաքնուած էր, որ կը գերազանցէր ամէն տեսակ սովորական վիճակ: Իր կեանքին մեծագոյն փափաքն էր սրբութիւնը, որուն կը ձգտէր յարատեւ կերպով, փոքր տարիքէն սկսեալ: Այս նպատակին հասնելու համար, ան գիտցաւ զանց առնել իր անձնական փափաքները եւ օգտագործել միայն այն առիթները, որ աստուածային նախախնամութիւնը իրեն կը տրամադրէր: Կը ձգտէր կատարելութեան, բայց ո՛չ իր ուզած ուղիով, այլ ա՛յն ճամբով որ Աստուած իրեն համար ընտրած էր, նոյնիսկ երբ այդ ուղին՝  դառնար խաչի ճանապարհ եւ գործօն եղբայրասիրութիւն:
Քոյր Ֆաուսթինա չէր ծածկեր կատարելութեան հասնելու համար կրած իր յոգնութիւնը : Կր գրէր. «Օրս կը սկսիմ պայքարելով եւ զայն կ’աւարտեմ պայքարելով: Հազիւ դժուարութիւն մը փարատի, ուրիշ տասը հատ կը ներկայանան: Բայց չեմ նեղուիր, որովհետեւ գիտեմ թէ ներկայ ժամանակը պայքարի համար եղած է եւ ո՛չ  թէ հանգիստի համար»: Փոքր բաները չէր արհամարհեր, այլ գիտէր զանոնք գնահատել եւ կ’ըսէր. «Կարելի չէ շքեղ շէնք մը բարձրացնել, անտեսելով փոքր աղիւսները»:
Քոյր Ֆաուսթինա մեզի կտակեց պարզ եւ հրապուրիչ ուղի մը՝ սրբութեան հասնելու համար: Այս ուղին կը կայանայ առօրեայ կեանքը սրբացնելուն մէջ, հիմնուելով թէ՛ երկնաւոր Հօր բարութեան հանդէպ անսահման վստահութեան վրայ, թէ՛ ընկերոջ հանդէպ գործնական սիրոյ վրայ: Այս ուղին՝ հայեցողական եւ գործնական կեանքերը համերաշխ կերպով իրարու կը միացնէ: Սոյն օրինակը բոլորին մատչելի է եւ այժմէական, ո՛չ միայն իր պարզութեամբ, այլ նաեւ որովհետեւ ան ժամանակակից մարդոց կարիքներուն կը համապատասխանէ: Արդարեւ, այսօրուայ մարդիկը կը տառապին վախէն եւ յուսահատութենէն, եւ մանաւանդ՝ անկեղծ սիրոյ մեծ ծարաւէն:
Քոյր Ֆաուսթինա, իր անսահման վստահութեամբ Աստուծոյ վրայ եւ իր աւետարանական եղբայրասիրութեան օրինակով, կենսունակ պատկերն է Աստուածային Գթութեան:

6. Գթութեան Վկաներ.
 
Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Հօր պատգամին գլխաւոր նպատակն էր, որ Գթութեան Կիրակին դառնայ աշխարհին ուղղուած հրապուրիչ եւ ծաւալուն կոչ մը եւ յարուցանէ բազմաթիւ Գթութեան Վկաներ: Արդարեւ, աստուածային գթութեան կոչը Սրբազան Քահանայապետին հոգեւոր կտակն էր, որովհետեւ մարդոց համար յոյսի ուրիշ աղբիւր չկայ՝ եթէ ոչ Աստուծոյ բարեգթութիւնը: Ան կարողութիւնն ունի կերպարանափոխելու աշխարհը, այսինքն՝ ընտանիքները, երիտասարդները, ամուսնացածները, մեր ծրագիրները, մեր գործերը,  մինչեւ իսկ մեր ընկերային փոխյարաբերութիւնները: Գթութիւնը մեր ժամանակակից մարդոց համար կրնայ էական պատգամը դառնալ, այսինքն՝ Գթութիւնը նկատել որպէս աստուածային ոյժ ընդդէմ աշխարհի չարիքին եւ բոլոր տառապանքներուն:
Այս նպատակին հասնելու համար, պարտինք Գթութեան կրակը մեր մէջ արծարծել եւ փոխանցել ուրիշներուն, որպէսզի ան տարածուի եւ արդիւնաբերէ: Այսպէս Գթութիւնը պիտի դառնայ Աստուծոյ ներկայութեան խորհրդանիշը մարդոց աչքին: Ներկայ մարդկութիւնը դժբախտաբար մի՛միայն շահ, հաճոյք եւ տիրապետութիւն կը փնտռէ ու բնաւ չի ճանչնար գթութիւն, ներում եւ անձնուիրում: Մեր մաղթանքն է, որ Գթութեան ապրումը բարեփոխէ մարդոց կեանքը, մեր ընտանիքները, մեր ժողովրդապետութիւնները եւ նոր ըմբռնում մը ներմուծէ մեր համայնքէն ներս: Յիսուսի՝ մեր միակ Վարդապետի Խօսքին վրայ հիմնուելով, թող որդեգրուին նոր կեցուածքներ եւ վարմունքներ ու կազմաւորուին Գթութեան համոզուած աշակերտներ, յայտնուին Գթութեան վկայ առաքեալներ՝ ըլլա՛յ կրթական, բարեսիրական եւ նոյնիսկ մարզական մեր կեդրոններուն մէջ:
Այս Առաջին Համաշխարհային Համաժողովը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ հրեաներ, իսլամներ եւ պուտտայականներ, պիտի տայ վճռորոշ ուղղութիւն մը՝ վերագտնելու համար Աւետարանին ոգին, որ է Գթութիւնը: Այս Գթութեան պատգամը պիտի շարունակէ իր ընթացքը՝ օգնութեան ձեռք երկարելով տառապող բոլոր մարդոց: Դիւրին չէ ամէն մարդ սիրել անկեղծ սիրով եւ յարատեւ կերպով, մանաւանդ երբ ան ըլլայ ստախօս, շահագործող եւ ծոյլ: Բայց այսպիսի սէր մը կարելի է սորվիլ Յիսուսի դպրոցին մէջ, ինչպէս ըրին մեզմէ առաջ անհամար քրիստոնեաներ եւ բոլոր սուրբերը: Պիտի դիտենք մեր ընկերները նո՛ր նայուածքով, անոնց կարիքներուն պիտի մօտենանք անսակա՛րկ նուիրումով, առատաձե՛ռն ծառայութեամբ եւ մանաւանդ՝ ներողամտութեա՛ն հոգիով: Ա՛յս է ճշմարիտ աւետարանական Գթութիւնը:
Սիրոյ այս պատկերացումը կը գտնենք Գործք Առաքելոց Գիրքին մէջ, ուր Սուրբ Ղուկաս նկարագրելով առաջին քրիստոնեայ հասարակութիւնը, կ’ըսէր. «Հաւատացեալներու բազմութիւնը մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի էր: Ո՛չ ոք իր ինչքերը իրեն սեփական կը համարէր, այլ ամէն ինչ հասարակաց էր» (4,32): Սոյն տողերուն մէջ կը նշմարենք որ բարեսիրական գործը դարձած էր փոխյարաբերութեան նոր ոճ մը հաւատացեալներուն մօտ, դարձած էր հասարակական ծրագիր մը, որ կը կայանար ինչքերու արդար բաժանումին մէջ, որպէս մէկ ընտանիքի անդամներ: Սուրբ Ղուկաս եռիցս կը նշէ առաջին քրիստոնեաներուն մօտ այս նոր ապրելակերպը, որ այնքան տպաւորիչ եւ օրինակելի նորութիւն մըն էր: Այսօր նաեւ կան շարժումներ, որոնց անդամները, նման առաջին քրիստոնեաներուն,  ինչքերու բաժանումը իրարու միջեւ կը գործադրեն: Այս սկզբունքէն կը մեկնին նաեւ բարեսիրական զանազան կազմակերպութիւններ: Գթութիւնը՝ ծառայողները կը մղէ ըլլալու կարօտեալ եղբայրներուն առաջին ընկերները, որովհետեւ անոնք կը նկատեն որ ամէն մարդ յարգի է Աստուծոյ աչքին առջեւ, քանի Յիսուս իր կեանքը զոհեց անոնցմէ ամէն մէկուն համար:

7. Եզրափակում.
 
Սուրբ Հայրերէն  մին ըսած է. «Կը կարդանք Սուրբ Գիրքին մէջ, որ Աստուած հանգիստ ըրաւ ո՛չ թէ երբ աշխարհի զանազան ստեղծագործութիւնները կատարեց, այլ երբ մա՛րդը ստեղծեց, որովհետեւ գտաւ վերջապէս մէկը՝ որուն գթութիւն պիտի ընէր»: Սաղմոսերգուն երկար գոհաբանական աղօթք մ’ունի, որուն մէջ կը դրուատէ Աստուծոյ գործած սքանչելիքները մարդոց համար եւ իւրաքանչիւր սքանչելիքէն ետք, յանկերգի նման, կը կրկնէ հետեւեալ խօսքը. «Որովհետեւ անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է» (Սղ. 135): Եզեկիէլ մարգարէին գիրքին մէջ Աստուած կ’ըսէ. «Ամբարիշտին մեռնիլը չեմ ուզեր, այլ կ’ուզեմ որ ամբարիշտը իր չար ճամբայէն դառնայ ու ապրի» (33,11): Իսկ Միքիայ մարգարէին քով. «Քեզի պէս Աստուած ո՞վ կայ, որ անօրէնութեան կը ներէ ու իր ժառան•ութեան մնացորդին յանցանքը անտես կ’ընէ. իր բարկութիւնը յաւիտեան չի պահեր, որովհետեւ ողորմութիւնը կը սիրէ» (7,18): Ուրիշ շատ մէջբերումներ կան Ս. Գիրքին մէջ որ նոյն գաղափարը կ’արտայայտեն, որոնք կը բացայայտէն թէ Աստուծոյ յատկանիշը՝  ողորմութիւն կատարել է:
Իր ծննդեան ութսունամեակի Ս. Պատարագին առիթով, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, իր կեանքի տարիներուն վերաքաղը ընելէ ետք, այսպէս կ’արտայայտուէր. «Աստուծոյ գթութիւնները մեզի կ’ընկերանան ամէն օր: Կը բաւէ արթուն մնալ զանոնք նշմարելու համար, գիտակցելու թէ Աստուած որքա՛ն բարի է մեզի հանդէպ: Աստուած մեզ կը հոգայ, մանաւանդ փոքր բաներուն մէջ, որպէսզի մենք ալ՝ աւելի մեծերուն ձգտինք: Երբ հաւատացեալը կ’աղօթէ ու կ’ըսէ. ‘Յիսուս քեզի կը վստահիմ’, այդ կը նշանակէ թէ ան իր հաւատքը կ’արտայայտէ ամենակարող Աստուծոյ գթառատ սիրոյ հանդէպ», կը յարէ Սրբազան Պապը:
 

Քոյր Ֆաուսթինա Յիսուսի ցուցմունքներուն հետեւելով, Յիսուսի սիրտը նկարեց ակի նման, որմէ ջուր եւ արիւն կը բխին, ինչպէս որ Սուրբ Յովհաննէս եւս զայն նկարագրած էր Աւետարանին մէջ. «Իր խոցուած կողէն արիւն եւ ջուր ելաւ» (19,34): Յիսուս Քոյր Ֆաուսթինային ըսաւ, թէ ինք մարդկութիւնը ա՛յնպէս կը դիտէ, ինչպէս զայն դիտած էր Խաչի վրայէն:
Ո՜վ Սուրբ Ֆաուսթինա, դո՛ւն որ Աստուծոյ կողմէ աշխարհին տրուած պարգեւ մըն ես, շնորհէ՛ մեզի որ գնահատենք աստուածային գթութիւնը: Օգնէ՛ մեզի որ զայն վկայենք մեր եղբայրներուն առջեւ: Թո՛ղ գթութեան պատգամդ տարածուի մեր սիրտերուն եւ համայն աշխարհին մէջ: Առաջնորդէ՛ մեղաւորները զղջումի եւ փարատէ՛ անոնց մէջէն նախանձը եւ ատելութիւնը: Մղէ՛ մարդիկը եւ ժողովուրդները դէպի փոխադարձ եղբայրութիւն եւ սէր:
Ո՜վ Աստուածամայր, կոչուած ճշմարտապէս «Կոյս Գթած», ըրէ՛ որ պահենք միշտ մեր վստահութիւնը քու Որդիիդ եւ մեր Փրկչին վրայ: Օգնէ՛ մեզի որ ամէն օր հաւատքով կրկնենք այս սլացական գեղեցիկ աղօթքը. «Յիսու՛ս, քեզի կը վստահիմ»:
Ո՜վ գթած ու ողորմած Աստուած, դուն որ քու անհուն սէրդ յայտնեցիր մեզի՝ քու Միածին Որդիիդ զոհաբերումով Խաչին վրայ, քեզի կը յանձնենք աշխարհի եւ իւրաքանչիւր մարդու ճակատագիրը: Ներէ՛ մեր յանցանքները, դարմանէ՛ մեր տկարութիւնները, շնորհէ՛ բոլոր մարդոց որ ճանչնան քու գթութիւնդ, որպէսզի քեզմով գտնեն յոյսի աղբիւրը, որուն այնքան կը կարօտին: Հա՛յր Ամենակալ, քու Որդիիդ վշտալի չարչարանքներուն եւ հրաշալի Յարութեան արդիւնքներով, պարգեւէ քու գթառատ ողորմութիւնդ մեզի, հայութեան եւ համայն աշխարհին. Ամէն: 

Տուաւ ի Կաթողիկոսական Աթոռոյն ի Զմմառ
Յաւուր հնգետասաներորդի, ամսեանն Յուլիսի, յամի Տեառն 2007
Յութերորդում ամի Հայրապետութեան Մերոյ
Ի տօնի Պայծառակերպութեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի

  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ