Չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2015 - Հարաւային Ամերիկան կը յիշատակէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակը

 

 

 

Պուենոս Այրես

Հինգշաբթի 19 մարտին,  սուրբ Յովսէփի տօնին՝ Պուենոս Այրեսի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Մարիօ Փոլի հանդիսւոր սուրբ Պատարագ մատուցած է աթոռանիստ մայր տաճարին մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն զոհերուն յիշատակին։

Սուրբ Պատարագին մասնակցած է հայկական երգչախումբը քանի մը շարականներով։ Աւետարանի ընթերցումը կատարուած է հայերէն եւ սպաներէն լեզուներով։

Արարողութեան սկիզբը՝  Գիսակ արքեպիսկոպոսՄուրատեան, Արժանդինի եւ Չիլէյի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդը տուած է բացատրութիւններ օրուան յիշատակին շուրջ։

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդ՝ Վարդան եպիսկոպոս Պօղոսեան համապատարագած է կարդինալին եւ օգնական եպիսկոպոսներուն հետ, եւ ուղղած է շնորհակալութեան խօսքը կարդինալ Փոլիի՝ յանձնելով անոր վերջերսԸնդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետհռչակուած Գրիգոր Նարեկացիի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի կենսագրութիւններուն գրքոյկները։

Ապա բոլոր ներկայ հաւատացեալներուն յանձնուած է Մալոյեան նահատակ եպիսկոպոսին կենսագրութեան գրքոյկը եւ պատկերը։

Սուրբ Պատարագի աւարտին կարդինալ Փոլի՝ մասնակցութեամբ  Մուրատեան արքեպիսկոպոսին եւ Պօղոսեան եպիսկոպոսին՝ կատարած է հոգեհանգստեան պաշտօն՝ մայր տաճարի մէջ զետեղուած խաչքարին դիմաց։

Վարդան եպիսկոպոս Պօղոսեան փոխանցած է նաեւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի ողջոյնի պատգամը։

Վարդան եպիսկոպոս Պօղոսեանի նախաձեռնութեամբ արդէն իսկ Վենեզուելայի եւ Մեքսիքոյի մէջ մատուցուած էն յիշատակի սուրբ Պատարագներ։ Ծրագրուած են այլ արարողութիւններ կատարել Ուրուկուայի, Չիլէյի եւ Պրազիլի մէջ։

 

Լուրը գաղուած է Ռատիօվատիկանի հայկական բաժինի կայքէն

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ