Ուրբաթ, 8 Հոկտեմբեր 2010 - Դոկտ. Գրիգոր վ. Շահինեան կը խօսի Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագիրքի համագումարին

 

Հռոմ

 

Դոկտոր Գրիգոր վարդապետ Շահինեան կը խօսի Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու կանոնագիրքի համագումարին 

 

Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու կանոնագիրքին հարատարակութեան 10-րդ տարեդարձին առթիւ համագումար մը տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ 8-9 հոկտեմբեր 2010-ին սուրբ Պիոս Ժ. սրահին մէջ:

Այս համագումարին նիւթն էր «Պատմագրութիւն յատուկ կանոններու եւ համամիութենական հեռանկարներ», ու կազմակերպուած էր Իրաւագրութիւններու քահանայապետական խորհուրդին կողմէն, մասնակցութեամբ՝ Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին, Համամիութենական ժողովին եւ Քահանայապետական Արեւելեան հաստատութեան կողմէն:

Ժողովին զանազան նիստերուն խօսք առին կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, գերյարգելի Քիւթ Քոխը, գերյարգելի Սիրիլ Վասիլը եւ ուրիշ մասնագէտներ այս մարզին մէջ:

 

Իսկ ուրբաթ 8 հոկտեմբերին կէսօրէ ետք ժամը 15:45ին, կլոր սեղանի մը ընթացքին խօսք առաւ նաեւ դոկտ. Գրիգոր վ. Շահինեան, ժողովրդապետ Լոս Անճելոսի հայ կաթողիկէ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, եւ մասնագէտ Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագիրքին: Ան ներկայացուց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յատուկ կանոնագիրքը:

Տէր Գրիգոր իր խօսքին մէջ պատմականը ըրաւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կանոններուն: Ապա, ան նշեց թէ այսօր 153 կանոններ ունի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յատուկ կանոնագիրքը, որ տակաւին չեն հրատարակուած եւ այս կանոնները բոլորն ալ ներշնչուած են հայ եկեղեցւոյ պատմական ժողովներէն, այն ինչ որ այս կանոններուն կու տայ համամիութենական նկարագիր:

Այս համագումարը փակուեցաւ 9 հոկտեմբերին առաւօտուն, սրբազան քահանայապետին ունկնդրութեամբ, որուն մասնակցեցան Գաբրիէլ վ. Մուրատեան եւ Գրիգոր վ. Շահինեան:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ