Երեքշաբթի, 16 Յունիս 2015 - Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը այցելեց Զմմառու վանքը

 

 

Զմմառ

Երկուշաբթի 16 յունիսին երեկոյեան 4-ին Փորթուկալէն բերուած Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը այցելեց Զմմառու վանքը եւ ողջունուեցաւ սուրբ Պատարագով  հաւատացեալներու հոծ հասարակութեան մը մասնակցութեամբ:
Շրջակայ աւաններու եւ գիւղերու բնակիչները եւ անոնց ժողովրդապետները եւ Պէյրութէն ժամանած ուխտաւորները, Զմմառու վարչական հայրերուն եւ զոյգ ընծայարաններու ժառանգաւորներու առաջնորդութեամբ աղօթք բարձրացուցին առ Տիրամայր: 
Ուխտաւորներուն ուղղելով խօսքը, պատարագիչ հայր Գաբրիէլ թծվ Մուրատեան վեր առաւ Աստուածածնայ ներկայութեան խորհուրդը եւ անոր բարեխօսութեան ուժգնութիւնը մեզի համար: Աստուածածինը, ըսաւ ան, իր երեւումներուն ընթացքին միշտ հրաւիրած է ապաշխարութեան եւ վարդարանի աղօթքի կարեւորութիւնը շեշտած:
Յաւարտ այս բաձառիկ սուրբ Պատարագին, Ֆաթիմայի տիրամօր խորհրդաւոր նայուածքին տակ, ինչպէս նաեւ Զմմառու տիրամօր ներկայութեան եւ հովանիին ներքեւ, ընծայարանի հինգ ժառանգաւորներ Զմմառու Պատրիարքական կղերին միաբանութեան մէջ ծառայելու իրենց հաւատարմութեան խոստումը կատարեցին:
Այս արարողութիւնը հանդիսացաւ առիթ մը ոչ միայն հայ, այլ եւ ընդհանրապէս լիբանանցի հաւատացեալ ժողովուրդին, Տիրամօր հանդէպ սիրոյն ու վստահութեան արտայայտութեան:

 

http://www.bzommarvank.com/?page=news#event248


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ