Շաբաթ, 1 Մարտ 2008 - Ս.Նիկողայոս Եկեղեցի-Հռոմ

Հռոմ, Իտալիա

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր
Յոյժ սիրելի ուխտաւորներ,

Երեք տարի առաջ, 19 Յունուար 2005ին, ձեզմէ ոմանք Հռոմ ժամանեցին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի արտաքին պատին վրայ կանգնած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի արձանին զետեղման եւ օրհնութեան արարողութեան առիթով:
Երկու տարի առաջ, 19 Մարտ 2006ին, ձեզմէ շատեր կրկին Հռոմ եկան Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին «Առ Սեամս Առաքելոց» անդրանիկ այցելութեան առիթով:
Եւ ահա, այս շաբաթ, Հռոմ գալու նոր եւ յուզիչ առիթ մը ձեզի ներկայացաւ՝ մասնակցելու համար մեր Հայ Եռամեծ Հայրապետին ի պատիւ եւ անոր անունով Հրապարակին բացումին՝ անուանուած Cortile San Gregorio l’Illuminatore, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի բակը, Վատիկան՝ ներկայութեամբ եւ օրհնութեամբ Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին, Հայ եւ օտար բարձրաստիճան եկեղեցական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու եւ բազմաթիւ հայ ուխտաւորներու:
Այս երեք իրերայաջորդ հռչակաւոր առիթները պատահական պարագաներ չեն, այլ անոնք նոր օղակներ կը կազմեն անընդհատ սերտ կապերու շղթային, զոր Հայ Եկեղեցին միշտ ունեցած է Հռոմի Եկեղեցւոյ հետ իր ծագումէն սկսեալ: Զայն կը հաստատէ վկայութիւնը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Հռոմին այցը՝ Սուրբ Սեղբեստրոս Սրբազան Քահանայապետին: Թէեւ կարգ մը քննադատ պատմաբաններ կը հերքեն այս այցելութեան պատմականութիւնը, այսուհանդերձ անոր յիշատակութիւնը Ագաթանգեղոս պատմիչի կողմէ, եւ անոր նշումը յետագայ աւանդութենէ, ցոյց կու տայ իմաստալից եւ խօսուն հետեւեալ հաստատումը՝ թէ սկիզբէն ի վեր Հայ Եկեղեցին Հռոմի ընդհանրական Եկեղեցւոյ հետ սերտ կապերով միացած էր:
Եթէ Սուրբ Գրիգոր իր կենդանութեան օրով Հռոմ չէ եկած, ահ՛ա հիմա ան կը բազմի Սուրբ Պետրոսի պարիսպի վրայ իր պատկառազդու արձանով եւ իր անունին նուիրուած նոր Հրապարակով, որ կը վկայեն արար աշխարհին, թէ ան Հայ ժողովուրդին Լուսաւորիչն է: Ապահովաբար, մեր մեծապատիւ Սուրբ Գրիգորը հիմա երկինքին մէջ կը խայտայ եւ անոր հետ մեր սուրբ Հայրապետները, ինչպէս նաեւ այս բարեպաստիկ լուրը իմանալով՝ պիտի հրճուի համայն աշխարհացրիւ Հայ ժողովուրդը:
Եթէ քրիստոնեայ Հայաստանի եւ Հռոմի միջեւ փոխ յարաբերութիւնները Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի այցի աւանդութեամբ կը սկսին, պէտք է յիշատակել թէ հայերը չեն դադրած Իտալիա գալէ յետագայ դարերու ընթացքին: Արդէն ութերորդ դարուն, հայ կուսաններ պղծութենէ կը փրկեն Սուրբ Գրիգորի աճիւնները եւ զանոնք կը փոխադրեն Նաբոլի քաղաքը: Այս նուիրական աճիւններէն է որ Աստուծոյ Ծառայ՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը մասնիկներ նուիրած է Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ մեր Աթոռին՝ Հայաստանի քրիստոնէացման 1700ամեակի առիթով՝ 2001ին:
Նոյնպէս եւ միեւնոյն շրջանին, հայ վաճառականներ Սուրբ Վլաս հայ Եպիսկոպոսին մասունքները կը բերեն Մարաթէա, Իտալիոյ հարաւը: Նշելի է որ Իտալիոյ մէջ 70է աւելի եկեղեցիներ կան՝ նուիրուած Սուրբ Վլասի անունին եւ ոչ քիչ քաղաքներ կը նկատեն զինք որպէս իրենց պաշտպան Սուրբը: Կան նաեւ ուրիշ քաղաքներ, որոնք որպէս պաշտպան սուրբ ունին հայ սուրբեր:
Իտալիոյ մէջ Սուրբ Բարսեղի ուխտի հայ կոյսեր վանքեր կը հիմնեն Նաբոլի, Անգոնա եւ Լիվոռնօ: Նոյնպէս Սուրբ Բարսեղի ուխտի հայ կրօնաւորներ, հալածանքներէն փախչելով, ԺԴ. դարէն սկսեալ Իտալիա կÿապաստանին եւ վանքեր կը կառուցանեն զանազան քաղաքներուն մէջ՝ Սրբազան Քահանայապետներուն արտօնագիրով եւ անոնց օրհնութեամբ:
Այսօր իսկ, ունինք Մխիթարեան Միաբանութեան մայրավանքը՝ Վենետիկ, Անարատ Յղացեալ Հայ Քոյրերու մայր վանքը՝ Հռոմ եւ ունինք մանաւանդ Լեւոնեան Քահանայապետական դպրեվանքը, ուր կը գտնուինք հիմա, որ հիմնուած է 1883ին՝ Լեւոն ԺԳ. Սրբազան Քահանայապետի կամքով եւ Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան նախաձեռնութեամբ:
Կրօնական մարզէն զատ, հայեր գտնուած են Իտալիա՝ ըլլայ զինուորական հանգամանքով ըլլայ վաճառականական եւ արուեստական պատճառներուն համար: Արդէն հինգերորդ եւ վեցերորդ դարերուն, բազմաթիւ հայեր բնակութիւն կը հաստատեն Իտալիա: Ռաւեննա քաղաքը կեդրոնավայր եղած էր հայ զինուորներուն համար, ուր երկու դար շարունակ, երեք հայ հեծելագունդեր կը պահուէին: Ու բնական է խորհիլ, թէ անոնց կÿընկերանային իրենց ազգականներն ու ազգակիցները: Հայերու ներկայութիւնը ունեցած է նաեւ ճարտարապետական եւ նկարչական հանգամանքներ: Հայ վարպետներ ու քարակոփներ Իտալիոյ կու տային փաստը իրենց ճարտարութեան եւ Հայաստան կը բերէին հռոմէական շինուածաձեւերը ի շահ Հայաստանի գեղարուեստին:
Նոյնպէս, Իտալիոյ նաւահանգստային քաղաքներուն մէջ, ինչպէս Վենետիկ, Պարի, Լիվոռնօ եւ ուրիշներ, հայ վաճառականներ մնայուն կեցութիւն կը հաստատեն՝ փոքր համայնքներ կազմելով եւ եկեղեցիներ կառուցանելով:
Այս տուեալներէն կը հետեւցնենք, թէ ուրիշ երկիրներէն աւելի, Հայերը Իտալիոյ մէջ առանձնաշնորհեալ վայր մը գտած են ապրելու, իրենց հաւատքը ազատօրէն արտայայտելու եւ իրենց արուեստական ձիրքերը եւ տաղանդները մշակելու:
Յոյժ սիրելիներ, կը խնդրեմ ձեզմէ որ յատուկ կերպով աղօթէք Սրբազան Քահանայապետին համար, ինչպէս որ ան անձամբ խնդրած էր իր գահակալութեան օրը, ինչպէս նաեւ անոր բոլոր աշխարհանպաստ դիտաւորութիւններուն համար, քաջ գիտնալով թէ Սրբազան Պապը հայրական սէր ունի եւ մնայուն գուրգուրանք կը տածէ հայ ժողովուրդին հանդէպ՝ անխտրաբար:
Թո՛ղ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը ձեզի ուղեկից ըլլայ Քառասնորդաց այս օրհնեալ շրջանին ընթացքին, վայելելու համար մօտօրէն Սուրբ Յարութեան յաղթանակը եւ անոր ուրախութիւնները. Ամէն:

Ներսէս   Պետրող ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն ԿԻլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

      


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ