Ուրբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2014 - Հոգեհանգստեան Արարողութիւն ողբացեալ Գրիգոր Գազանճեանի մահուան քառասունքին առիթով

 

Պէյրութ

 

 

 

Ողբացեալ Գրիգոր Գազանճեան վախճանած էր Գանատա, Մոնրէալ, 14 Սեպտեմբեր 2014-ին։ Անոր մահուան քառասունքին առիթով, կիրակի 26 հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Ժէիթաուիի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Կաթողիկէ Հայոց, ողբացեալին որդին՝ գերապատիւ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան մատուցանեց հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ, որուն ներկայ էր խուռներամ բազմութիւն մը։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագին ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը գերապատիւ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ ողբացեալին հարազատները մինչեւ երեկոյեան ժամը 8։00 ընդունեցին ներկաներուն ցաւակցութիւնները Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ