Երեքշաբթի, 11 Մարտ 2014 - Արհի. տէր Օգոստինոս եպս. Գուսայի Քառասնորդացի հովուական պատգամը
Գահիրէ

Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. տէր Օգոստինոս եպս. Գուսա հովուական պատգամ մը կ'ուղղէ հաւատացեալներուն Քառասնորդացի առիթով: Գերապայծառ Տէրը իր պատգամին մէջ կ'ընդգծէ ծոմի կարեւորութիւնը քրիստոնեայ անհատի կեանքին մէջ, զայն համարելով որպէս վերածնունդի հրաւէր մը, որ կ'իրագործուի ապաշխարութեամբ եւ զղջումով: Ան նաեւ կը յիշէ Սուրբ Հոգին, որ միշտ ներկայ է իւրաքանչիւրի կեանքին մէջ, եւ զինք  կ՚ուղղէ  դէպի ապաշխարութիւն ու ետդարձ, որոնք պայման են ծոմի շրջանին: Իր պատգամի աւարտին, գերապայծառ տէրը կը հաստատէ ծոմապահութեան խոր իմաստը. վերադառնալ մեր խղճին՝ զղջումով ու խոստովանելով, հաշտուելու համար Աստուծոյ եւ մարդոց հետ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ