Չորեքշաբթի, 16 Յունիս 2010 - Սիրտ Յիսուսի նուիրուած հայրապետական սուրբ Պատարագ


Պէյրութ, Լիբանան

Կիրակի, 13 Յունիս 2010-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ կաթողիկէ սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սիրտ Յիսուսի նուիրուած հայրապետական սուրբ Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին:

 

Այս առթիւ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.


«Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Ահա՛ անգամ մը եւս հաւաքուած ենք կատարելու համար միասին Սիրտ Յիսուսի բացառիկ սիրոյ տօնը։

Սիրտ Յիսուսի ջերմեռանդութիւնը սկիզբ առաւ շուրջ 800 տարի առաջ, գերմանացի միսթիքական կնոջ՝ Matilde de Mageburg-ի միջոցով։ Անկէ ետք, բազմաթիւ սուրբեր քաջալերեցին Սիրտ Յիսուսի պաշտամունքը։ Անոր տօնը պաշտօնականացաւ Եկեղեցւոյ մէջ Սրբուհի Մարկրիթ Մարի Ալագոք, ֆրանսացի մայրապետի ձեռքով, որ Յիսուսի կողմէ յայտնութիւններ ունեցած էր, որոնց նպատակն էին տարածել Սիրտ Յիսուսի ջերմեռանդութիւնը։

Ոմանք հարց կու տան. Մարդկային սիրտի մը առջեւ երկրպագութիւն ընել, տեսակ մը կռապաշտութիւն չէ արդե՞օք։ Տասընութերորդ դարուն, այս հարցը ծագեցաւ եւ վատիկանեան Ծէսերու Ժողովը անոր պատասխան տուաւ ըսելով, որ Յիսուսի մարմնաւոր Սիրտը խորհրդանիշն է  Յիսուսին աստուածային Սիրոյն։ Իսկ Պիոս Զ. սրբազան Քահանայապետը յատուկ կոնդակով մը հաստատեց վերոյիշեալ բացատրութիւնը եւ աւելցուց ըսելով, որ երկրպագութիւնը կը կատարուի այն սիրտին հանդէպ, որ անբաժանելիօրէն միացած է Յիսուսի անձին հետ, որ է Աստուած։

Սիրելիներ, այսօրուայ արարողութեամբ, փակումը կը կատարենք Քահանայական Տարուան, որ անցեալ տարի այսօրուան պէս, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան Քահանայապետը հռչակեց Սուրբ Ժան Մարի Վիաննէի 150ամեակի ծննդեան տարեդարձին առիթով՝ երկինքին մէջ։ Այդ օրը, սրբազան Հայրը ըսաւ. «Յիսուսի Սիրտը մարդոց հանդէպ գութով կը շարժի։ Եկեղեցին մեր մտածումին առարկայ կը դարձնէ Սիրտ Յիսուսի խորհուրդը, որ կ՚ուզէ սփռել իր հոգեպարար սէրը բոլոր մարդոց վրայ»։

Ոչ ոք կրնայ խախտել Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրը։ Հին Կտակարանին մէջ կը կարդանք, որ Աստուած չհամակերպեցաւ հրեայ ժողովուրդին ապերախտութեան դիմաց։ Ընդ հակառակը, մարգարէներու բերնով խոստացաւ աշխարհ ղրկել փրկիչ մը, իր Միածին Որդին՝ Յիսուս, որպէսզի վերահաստատէ կործանուած աստուածային սիրոյ ծրագիրը։ Յիսուս, յաղթելով չարին, իր փառաւոր Յարութեամբը ազատագրեց մարդիկը, որ անկարող դարձած էին եւ մեղքին ստրուկ էին։ Բայց վերահաստատել սէրը՝ բարձր գին կը պահանջէր։ Յիսուս, որպէս գին, իր կեանքը վճարեց զոհուելով Խաչին վրայ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, պահ մը Սիրտ Յիսուսի պատկերին առջեւ կենանք եւ երկիւղածութեամբ դիտենք Յիսուսի խոցուած Սիրտը։ Կը տեսնենք փշեպսակով շրջապատուած այրող սիրտ մը, որ կը խորհրդանշէ Յիսուսի մեծ եւ անհուն Սիրոյն, բան մը որ մեզ խորապէս կը յուզէ բայց, միեւնոյն ժամանակ, մեր հոգին անդորրութեամբ եւ ուրախութեամբ կը լեցնէ։ Ան մեզ կը կոչէ այդ աստուածային սիրով ապրելու, որպէսզի երջանիկ ըլլանք եւ ուրիշներ երջանկացնենք։ Յիսուսի կոչին ի՞նչ պատասխան պիտի տանք արդեօք։ Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ որ մեր մարդկային ապահովութիւնները մէկդի ձգենք եւ իրեն լիովին վստահինք։ Այն ժամանակ, Յիսուսի նման, մենք  ալ ուրիշներուն ի նպաստ պիտի դառնանք յոյսի, հաշտութեան եւ խաղաղութեան պատգամաւորներ մեր միջավայրէն ներս՝ տան մէջ, գործին մէջ, դպրոցին եւ համալսարանին մէջ։ Քիչ վերջ, սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան ժամանակ, աղաչե՛նք Տիրոջմէ որ արծարծէ մեր սրտին մէջ անշահախնդիր նուիրումի հոգին, նմանելու համար սէրէն այրող Յիսուսի Սուրբ Սրտին։ Սրբազան Պապը կ՚ըսէ. «Նոյնիսկ մեր պակասութիւնները եւ մեր տկարութիւնները մեզ կ՚ուղղեն դէպի Յիսուսի Սիրտը»։       

Եւ ուրիշ տեղ կ՚ըսէ. «Սուրբ Հաղորդութիւնը միութեան եւ միասնականութեան խորհուրդն է։ Անկէ ոյժ կ՚առնենք յաղթահարելու համար մեր դժուարութիւնները եւ մեր բաժանումները՝ ներելով մեզի դէմ յանցանք գործողներուն եւ հաշտուելով անոնց՝ որոնց հետ մինչեւ հիմա սիրով չէք»։ Դուք քաջ գիտէք որ գժտութիւններ յաճախ կը պատահին ծանօթներուն միջեւ եւ մանաւանդ՝ ազգականներուն միջեւ։

Ընդունիլ սուրբ Հաղորդութիւնը, կը նշանակէ Յիսուս ընդունիլ որպէս բժիշկ եւ դեղ մեր ցաւերուն, կը նշանակէ խոստովանիլ որ մենք կը տառապինք մեր յանցանքներուն եւ անհաւատարմութեան պատճառով, բայց միանգամայն՝ լիայոյս կը մնանք Յիսուսի մեզի հանդէպ ունեցած անսահման գթութեան եւ համբերութեան վրայ, եւ անոր մօտ շատեր կը գտնենք իրենց հոգիին հանգիստը։

Սրբազան Պապը կը յարէ նաեւ. «Սուրբ Հաղորդութիւնը կեանքի հացն է որ սնունդ կու տայ հաւատացեալներուն եւ զանոնք կը պահէ միութեան եւ սիրոյ մէջ», բան մը որ առանձին չենք կրնար ձեռք ձգել։  Յիսուս կ՚ըսէ. «Ես եմ կենդանի հացը, իջած երկինքէն։ Այս հացը ուտողը յաւիտեան կ՚ապրի։ Եւ հացը զոր ես պիտի տամ, իմ մարմինս է, կեանք՝ աշխարհի համար։ Ով որ ուտէ իմ մարմինս եւ ճաշակէ իմ արիւնս, յաւիտենական կեանք ունի - քանի որ Յիսուս յաւիտենականութիւնն է -  եւ կ՚աւելցնէ ըսելով. Ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը» (Յովհ. 6, 51.54)։ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ինծի ըսէք թէ՝ այն անձը որ քիչ անգամ կը հաղորդուի կամ բնաւ չի հաղորդուիր, ինչպէ՞ս կրնայ ապրիլ իբրեւ ճշմարիտ քրիստոնեայ, ի՞նչպէս կրնայ հաշտուիլ ընկերոջ հետ եւ ի՞նչպէս կրնայ վայելել սրտի խաղաղութիւնը, որ օրուայ դժուարութիւններուն պատճառով յաճախ վտանգուած է դժբախտաբար։

Թո՛ղ սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը, այսինքն սուրբ Պատարագը, որ մեր հոգեւոր կեանքին գագաթնակէտն է, մեզ հաւատարիմ պահէ մեր քրիստոնէական սկզբունքներուն վրայ՝ արթուն մնալով մարդոց կարիքներուն եւ սիրայօժար՝ անոնց ծառայելու, մանաւանդ աղքատութեան ծանր պայմաններուն մէջ գտնուողները։ Այս իմաստով, սուրբ Հաղորդութիւնը անհրաժեշտ զօդը կը դառնայ մեր հասարակութեան անդամներուն միջեւ եւ անոնց աճում կու տայ միութեան եւ սիրոյ մէջ։

Սուրբ Եկեղեցին դարերով կարեւորութիւն տուած է Ամենասուրբ Սիրտ Յիսուսի ջերմեռանդութեան, եւ անոր երեք հիմնաքարերը դրաւ։

Առաջինը. Ինչպէս որ որեւիցէ կառոյց, նոյնպէս Սիրտ Յիսուսի ջերմեռանդութիւնը, պէտք ունի հաստատուն հիմ ունենալու, որ քրիստոնեային կենսական յենարանն է. այն է ճշմարիտ քրիստոնեայ Սէրը։ Այս առաջին կէտը կ՚ուզէ մեզի յիշեցնել, որ Աստուած՝ նախ ինքը մեզ սիրեց երբ մեղաւոր էինք։ Ասոր համար մենք ալ կրնանք ուրիշները սիրել, ո՜վ որ ըլլայ, նոյնիսկ ան որ շարունակ կերպով մեզի նեղութիւն կը պատճառէ։

Երկրորդ հիմնաքարն է՝ յանձն առնել հատուցման գործը որպէս պարտականութիւն։ Հաւատացեալը որ կ՚ուզէ ապրիլ իր սէրը հանդէպ Քրիստոսի եւ ընկերոջ, հետամուտ կ՚ըլլայ գտնելու համար թէ ինչպէս կրնայ Յիսուսի չարչարանքներուն բաժնեկից դառնալ։ Եւ այս տեսակ քրիստոնեաներ միշտ գոյութիւն ունեցած են Եկեղեցւոյ մէջ։

Երրորդ հիմնաքարը մեզ կը մղէ Յիսուսին նմանելու սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ, մինչեւ որ օր մը կարենանք սուրբ Պօղոսին հետ ըսել. «Դուք սկսաք մեզի նմանիլ, մեզի եւ Տիրոջ» (Ա. Թես. 1,6)։ Իսկ Տէրը կ՚ըսէ. «Սորվեցէ՛ք ինձմէ որ սրտով հեզ եմ եւ խոնարհ» (Մտթ. 11,29)։

Սիրելիներ, պայքարեցէ՛ք, որպէսզի հաստատուն մնաք ձեր հաւատքին մէջ, ուրախ եղէ՛ք՝ Տիրոջ եւ ընկերոջ ծառայութեան մէջ, առանց հաշիւի տրամադրեցէ՛ք ձեր ժամանակը, ձեր ուժերը եւ ձեր ձիրքերը՝ ուրիշներուն օգտակար ըլլալու համար։ Աշխատեցէ՛ք զանազան միջոցներով կառուցանելու համար աւելի լաւ մթնոլորտ մը ձեր ժողովրդապետութեան մէջ եւ ամէն բանի մէջ նախադասեցէ՛ք ուրիշներուն բարիքը ձեր բարիքէն առաջ, ինչպէս մեզի կը թելադրէ սուրբ Պօղոս։ Վերջապէս, բազմացուցէ՛ք ձեր եղբայրական կապերը բոլորին հետ, որքան կարելի է։

Թո՛ղ Սուրբ Աստուածամայրը ընկերանայ ձեզի, որպէսզի կարենաք հաստատուն եւ իմաստուն առաջնորդներ ըլլալ բոլոր անոնց որոնք ձեզի կը մօտենան։

Թո՛ղ մեր երկնաւոր Մայրը մեզի պահապան ըլլայ չարին դէմ, մանաւանդ՝ փորձութեան ժամանակ, եւ թո՛ղ բարեխօսէ մեզի համար առ Ամենասուրբ Սիրտն Յիսուսի. Ամէն»։

 

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօր տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի ներքին փողոցներուն մէջ, ապա Հոգեւոր Տէրը սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը կատարեց Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ