Հինգշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2006 - Գիր Մաղթանքի Առ Գեր. Ռափայէլ Թ.Ծ. Վրդ. Մինասեան «Հայաստանի Խաղաղութեան Ձայն»ի Պատասխանատու


Մեծ հրճուանքով իմացանք Telepace-ի հայկական հեռուստատեսութեան հիմնադրութեան առաջին տարեդարձի առթիւ կայացած հանդեսութիւնները Լեւոնեան Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարանի յարկին ներքեւ:

Հայկական Telepace-ի ծրագրին նպատակն է տարածել Աստուծոյ խօսքը հայ շրջանակէն ներս եւ հաւատարիմ պահել հայ ժողովուրդը՝ ընտանիքները բայց մանաւանդ երիտասարդութիւնը Լուսաւորչի հաւատքին մէջ:

Ուրախութիւնը ունինք այսօր յայտարարելու թէ Գերապայծառ Ռափայէլ Թ.Ծ. Վարդապետ Մինասեան կարողացաւ անընդհատ ջանքերով ու եռանդուն կորովով եւ անձուկ միջոցներով՝ առանձին ծրագրուած նպատակները հաւատարմաբար կատարել:

Այս ընելով, Գերապայծառ Մինասեան խելահասօրէն գործադրեց Տիրոջ պատուէրը. «Գացէ՛ք ուրեմն, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը» (Մտթ. 28,19) եւ. «ինչ որ ականջն ի վար փսփսալով ըսուի ձեզի, դուք տանիքներու վրայ քարոզեցէք» (Մտթ. 10,27): Տանիքը որուն վրայէն ժրաջան վարդապետը սփռեց Աւետարանի լոյսը եղաւ Telepace-ի կաթողիկէ հեռուստատեսիլը շնորհիւ Մոնսինիոր Կուիտօ Թոտեսքինիին՝ կայանի հիմնադիրը եւ ընդհանուր տնօրէնը, որուն կ‏’ուղղենք մեր հայրական գնահատութիւնը:

Հայրապետական Մեր այս գիրով, կը շնորհաւորենք Գերպ. Ռափայէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մինասեան եւ կ’ողջունենք Telepace-ի կայանի բաժնի մատուցած ծառայութիւնը 12 ամիսներ ամբողջ ու կը մաղթենք որ այս նուիրական առաքելութիւնը շարունակէ իր գնահատելի գործը ի սփիւռս աշխարհի տարտղնուած Հայ Ժողովուրդին ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն Լուսաւորչեան հաւատքին:



Հայրական Օրհնութեամբ՝

ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց


Տուեալ ի Կաթողիկոսական Աթոռոյն ի Պէյրութ յաւուր քսաներորդի ութերորդի ամսեանն Սեպտեմբերի յամի Տեառն 2006 յեօթներորդ ամի Հայրապետութեան Մերոյ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ