Երկուշաբթի, 13 Օգոստոս 2012 - Հայրապետական պատգամ Վերափոխման տօնին առթիւ


«Անձս կը փառաւորէ Տէրը եւ հոգիս կը ցնծայ Աստուծմով՝ իմ փրկիչովս»
(Ղկ 1, 47)

Յոյժ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Աստուծամօր ամենէն գեղեցիկ աղօթքը կը համարուի Մեծացուսցէի շարականը, որ մեր Եկեղեցին յաճախ կը մէջբերէ, մանաւանդ Սուրբ Կուսին Մարիամու զանազան տօներուն առիթով։ Նոյնը կ’ընեն նաեւ միւս ծէսերը։

Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ուրտեղէն ո՞ւր դեռատի Մարիամը այսքան զարգացումին հասած էր։ Անպատճառ իր ծնողքէն՝ Յովակիմ եւ Աննա։ Անոնց մասին շատ բան չենք գիտեր։ Բայց նայելով անոնց աղջկան՝ Մարիամին, կրնանք գաղափար մը կազմել անոնց մասին։

Սովորաբար, պզտիկները իրենց ծնողներէն կը սորվին առաջին աղօթքները եւ գիտելիքները։ Ուստի, լսելով Մեծացուսցէի աղօթքը, կարելի է հետեւցնել թէ Մարիամ իր ծնողներէն շատ բան սորված էր, որ կարողացաւ արտասանել նման աղօթք մը՝ ճոխ իմաստութեամբ եւ Սուրբ Գիրքի մէջբերումներով։ Այն ժամանակներուն, գիտելիքները կը փոխանցուէին բերանացի կերպով, տպուած գիրքերու չգոյութեան պատճառով եւ ձեռագիր գիրքերը հազուագիւտ ըլլալով։
 
Վերոյիշեալ տուեալներէն կը հետեւցնենք նաեւ թէ որքան կարեւոր է տան դաստիարակութիւնը, զոր ծնողները կը փոխանցեն իրենց զաւակներուն։ Եւ թէպէտ այսօր դպրոցներ կան, եւ փոքրիկները մատղաշ տարիքէն դասարանները կը յաճախեն, սակայն եւ այնպէս, ծնողներուն դաստիարակութիւնը իրենց զաւակներուն անփոխարինելի կը մնայ։
 
Կարեւոր բան մը կայ որ ծնողները պէտք չէ մոռնան. քրիստոնէական հաւատքին փոխանցումն է իրենց սիրասուն զաւակներուն, նախ եւ առաջ իրենց առօրեայ ապրելակերպով, բայց նաեւ իրենց անոյշ խօսքերով եւ խրատներով։
 
Երբ կը մտածենք որ, մօտաւորապէս տասնհինգ տարեկան հասակին դեռատի Մարիամը իր Այոն արտասանեց Աստուծոյ հրեշտակին, իր կամքը ամբողջովին նուիրելով Աստուծոյ, կը հիանանք անոր մտքի եւ հոգիի հասունութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անոր պատրաստակամութեան՝ զԱստուած դնելը առաջին մակարդակի վրայ իր կեանքին մէջ։ Անպատճառ, Մարիամ, այս կէտին մէջ բարի օրինակը առած էր իր բարեպաշտ ծնողքէն։
Խորհրդածենք պահ մը Մեծացուսցէ աղօթքին մասին։

Մեծացուսցէի բառերէն կրնանք դիւրաւ ենթադրել, որ Մարիամ առաջուց լսած պէտք է ըլլայ արտասանած բառերէն շատերը Սուրբ Գիրքի ընթերցումներէն եւ անոնց մասին մտածական կատարած ըլլայ։ Յայտնի է որ Մարիամ յաճախ իմացած պէտք է ըլլայ նաեւ Սուրբ Գիրքի հետեւեալ  խօսքը. «Սիր՛է քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր մտքովդ»։ Ասոր համար, Մարիամ իր Մեծացուսցէի աղօթքով պարտք կը համարէ զԱստուած գովաբանել. երբ կ’ըսէ. «Անձս կը փառաւորէ Տէրը»։

Մարիամ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ, որ խոստումը պահեց իր ժողովուրդին հանդէպ եւ զայն դարերու ընթացքին պահպանեց եւ ազատեց չարէն, երբ կ’ըսէ. «Օգնութիւն ըրաւ իր ծառային, Իսրայէլի, ... ինչպէս որ ըսած էր մեր հայրերուն՝ Աբրահամի եւ անոր սերունդին, յաւիտեան»։
 
Մեծացուսցէն ուշադրութեամբ կարդացողը կը զարմանայ, թէ ինչպէ՜ս Մարիամ կարողացաւ այսպիսի սքանչելի խօսքեր արտասանել։ Կարելի է համարել այս աղօթքը Նոր Կտակարանին ամենագեղեցիկ մարգարէութիւններէն մին։ Ան ճոխ է սուրբ գրային մէջբերումներով։ Աս ըսել է թէ Մարիամի տան մէջ անոր ծնողքը յաճախ կը յիշէին Սուրբ Գիրքը, վստահելով լոկ իրենց յիշողութեան վրայ, քանի գիրք չկար ոչ ալ այսօրուայ արձանագրութեան գործիքներ կային։ Որով ամէն բան գոց կը սորվէին։
 
Մարիամ կը շարունակէ իր աղօթքը, ըսելով. «Այսուհետեւ բոլոր ազգերը երանի պիտի ըսեն ինծի»։ Մարիամ երանի է, ո՛չ որովհետեւ իր սենեակը գեղեցկացաւ եւ իր տունը վիլլայ դարձաւ, կամ ալ իր հագուստները ճոխացան նոր կտորներով։ Աստուծոյ առջեւ, այսպիսի նշաններ կամ արտաքին երեւոյթներ արժէք չունին։ Մարիամ ինքզինք երանելի զգաց եւ ուրախութեամբ պոռթկաց, որովհետեւ իր փրկիչը՝ Աստուած, իր նայուածքը դրաւ անոր վրայ, մինչ Մարիամ ինքզինք պարզ աղջիկ կը նկատէր, երբ ըսաւ. «Հոգիս կը ցնծայ Աստուծմով՝ իր փրկիչովս, որովհետեւ հաճեցաւ նայիլ իր աղախինին խոնարհութեան»։ Մինչ մարդիկ սովորաբար Աստուծմէ շատ ուրիշ բաներ կը սպասեն։

Մարիամի պարզ խօսքերէն կը հասկնանք, որ անոր տան մէջ Աստուած առաջին տեղը կը գրաւէր, որ այսպէս վստահութեամբ կը խօսէր։ Իսկ այն տունը, ուր Աստուած առաջին տեղը չի գրաւեր, այլ՝ ուրիշ հաշիւները, ուրախութեամբ չի կրնար ցնծալ, այլ տխուր կը մնայ եւ մտահոգութիւններուն մէջ կը գտնուի եւ յաճախ անլոյծ հարցերուն առջեւ կ’ըլլայ, նոյնիսկ եթէ տունը լաւ յարթարուած է եւ դրամը չի պակսիր։
 
Մարիամ շարունակեց ըսելով. «Հզօրները տապալեց իրենց գահերէն, իսկ խոնարհները բարձրացուց»։ Դեռատի Մարիամը ի՞նչպէս յանդգնութիւնը ունեցաւ նման խօսքեր արտասանելու, երբ Հերոսդէս իբր թագաւոր բազմած էր գահին վրայ եւ Օգոստոս կայսրը Հռոմին մէջ կÿիշխէր։ Միակ պատասխանը պիտի ըլլայ, որ աստուածային իմաստութիւնը տեղ ունէր փոքր Մարիամին տան մէջ, շրջապատուած իր ծնողներէն՝ Յովակիմ եւ Աննա, եւ անոնց մօտ աստուածավախութիւնը միայն կը տիրէր։
 
Սիրելիներ, Մարիամի վերափոխման տօնին առիթով, Մեծացուսցէի աղօթքէն սորվինք եւ յանձն առնենք, որ աղօթքը անպակաս ըլլայ մեր տուներէն ներս եւ մեր ընտանիքներուն մօտ։ Աստուծոյ խօսքը յաճախ կարդա՛նք եւ կրկնե՛նք, ոյժ ստանալու համար Աստուծոյ կամքը կատարելու միշտ եւ ոչ թէ մեր կամքը։ Որովհետեւ, կեանքին մէջ ամէն ինչ՝ ուսում, վկայական, դրամ եւ հանգստաւէտութիւն չէ։ Առանց Աստուծոյ եւ անոր մխիթարական խօսքին, կարելի չէ ուրախ ապրիլ եւ խաղաղ սիրտ ունենալ։ Առանց Աստուծոյ, կեանքը իր իմաստէն շատ բան կը կորսնցնէ։

Սիրելիներ, քրիստոնէաբար ապրի՛նք, ոչ արտաքին երեւոյթներով կամ մակերեսային կերպով, եւ մեր ապրումով ու բարի ընթացքով առաջնորդե՛նք մենք զմեզ եւ մեր զաւակները դէպի ուղիղ ճամբան, դէպի ճշմարտութիւնը, դէպի Աստուծոյ գովաբանութիւնը՝ Սուրբ Կոյսին ըրածին նման, դէպի քաջութիւնը արտայայտելու մեր հաւատքը անվախ կերպով ամէնուն առջեւ։

Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը հռչակեց Հաւատքի Տարին, որ սկիզբ պիտի առնէ յառաջիկայ Հոկտեմբեր 11-ին, մեզի յիշեցնելու համար, որ հաւատքը միայն կրնայ մեզ փրկել եւ փրկել մարդկութիւնը, եւ ո՛չ դրամը կամ զէնքը եւ կամ արդի արհեստագիտութիւնները (թեքնոլոժին)։ Յիսուսի առաքեալները, որ թիւով միայն տասներկու հոգի էին, կարողացան քաջաբար աւետարանել Աստուծոյ խօսքը ամենուրեք, առանց մարդկային միջոցներու, հիմնուելով միմիայն իրենց հաւատքին վրայ Յիսուսի յարութեան մասին։

Եթէ Մարիամ, լի էր աստուածային իմաստութեամբ եւ ողջամիտ գիտելիքներով, որ իր ծնողներէն սորվեցաւ, ինչո՞ւ համար մեր տուները չդառնան նոյնպէս, այսինքն՝ աղօթքի օճախներ, սիրոյ եւ խաղաղութեան կեդրոններ, ուր ամէն մարդ կ’ապրի իր քրիստոնէական հաւատքը, եւ ինքնաբերաբար զայն կը փոխանցէ իր սիրելիներուն, մանաւանդ՝ մանուկներուն։

Յոյժ սիրելիներ, լաւագոյն նուէրը որ կրնաք տալ ձեր սիրելի զաւակներուն, ՀԱՒԱՏՔՆ է։ Ասկէ աւելի օգտակար եւ յարգի բան չէք կրնար իրենց ձգել։ Անոնք ալ ձեզ պիտի յիշեն միշտ իրենց բոլոր կեանքին ընթացքին, եւ ձեզի երախտապարտ պիտի մնան. Ամէն։
   

+ Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ