Երեքշաբթի, 5 Մայիս 2009 - Ս. Պատարագ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կոչումներու Օրուան Նուիրուած

Լիբանան

 
Իր ապրած ու արարած ժամանակաշրջանին ուղղուած հպանցիկ ակնարկն իսկ բաւարար է բացայայտելու եւ գնահատելու Արծիւեան
 
Պատրիարքի անձի ու կղերականի գործն ու վաստակը:
Արծիւեան Պատրիարքը իր հեռատես ու խելամիտ քաղաքականութեան շնորհիւ կրցաւ իր հօտի անդամներուն` որոնք հայ ազգին զգալի մէկ հատուածը կը կազմէ, ամուր կառչած պահել իրենց ազգին ու արմատներուն:
Սակայն ներկայիս դրութիւնը այլ է համաշխարհայնացման հետեւանքով` հայ ազգաբնակչութեան կարեւոր բաղկացուցիչը կազմող երիտասարդութեան մօտ ակնբախ կ՛երեւայ` հեռանալը իր արմատներէն (ազգ ու եկեղեցին) եւ համլրուիլը այլ ազգերու մշակութային շարքերը: Այստեղ է ահա որ հայ կաթողիկէ կղերը կանխելու համար սպառնալիքը, միացաւ համաշխարհային կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ հռչակուած կոչումներուն օրուան, իր աղօթքը բարձրացնելով առ Աստուած որ մշակներ հայթայթէ հայ եկեղեցւոյ հօտը առաջնորդելու համար, քանզի առանց մշակի, հօտ դատապարտուած է կորստեան, իր կիրակնօրեայ քարոզին մէջ ըսաւ Զմմառեան միաբանութեան մեծաւոր` Գերպ. Միքայէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեանը: Ան խնդրի լուծման համար առաջարկեց.«Իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի պարտականութիւնն է ընտանեկան աղօթք կատարել, որպէսզի երեխային սրտին մէջ ամրապնդուի հաւատքն ու սէրը հանդէպ եկեղեցւոյ եւ հայրենեաց»:
 
Ան յոյս յայտնեց որ նման նախաձեռնութիւններ ունենան իրենց դրական ազդեցութիւնը կոչումներու ծաղկման առումով:
Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի 3 Մայիս 2009-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Մեծաւոր հօր մատուցած պատարագին
 
սպասաւորեցին Զմմառու միաբանութեան ժառանգաւորները:
Կոչումներու դիտաւորութեան համար պատարագ մատուցուեցաւ նաեւ հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի պատկան ժողովրդապետութիւններու մէջ անխտիր, եւ որուն ընթացքին կարդացուեցաւ սոյն  աղօթքը`
«Ով Ս. Հոգի, հոգի աստուածային իմաստութեան ու սիրոյ, երիտասարդներուն հաղորդէ՛ գիտութիւնդ եւ անոնց շնորհէ՛ գիտակցութիւնը կոչումին, որով լաւագոյն կերպով պիտի ծառայեն աստուծոյ եւ հոգիներուն: Ամրապնդէ՛ անոնց մէջ քաջութիւնը` վեհանձնութեամբ ու առատաձեռնութեամբ հետեւելու աստուծոյ Ս. կամքին: Հաստատէ՛ անոնց երերուն քայլերը, զօրացո՛ւր անոնց որոշումները, պահպանէ՛ անոնց ողջախողութիւնը, պայծառացո՛ւր անոնց մտքերը, նուաճէ՛ անոնց սրտերը եւ առաջնորդէ՛ զանոնք դէպի այն այգիները, ուր Աստուծոյ սուրբ եւ երկիւղած հնազանդութեամբ պիտի աշխատին հոգիներուն փրկութեան համար:
Եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն եւ կրօնաւորներուն սրտերուն մէջ ներշնչէ՛ բաղձանքն ու սէրը նուիրումի, զոհողութեան եւ ծառայութեան հոգիներուն համար, բարեխօսութեամբ Ամենասուրբ կոյս Մարիամին, հրեշտակներուն ու սուրբերուն, Աստուծոյ փառքին ու եկեղեցւոյ պայծառութեան համար:Ամէն»:

Զմմառեան ուխտէն կիսասարկաւագ`
Ճօն Գեղարդ Թովմասեան 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ