Ուրբաթ, 22 Յուլիս 2011 - Գ. հարպոյեան վարժարանի 2010-2011 տարեշրջանի ամավերջի հանդէս եւ վկայականաց բաշխում

 
Զալքա, Լիբանան

2010-2011 կրթական տարեշրջանի աւարտին, հինգշաբթի, 30 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ կաթողիկէ սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի ամավերջի հանդէսը, ներկայութեամբ հոգեւորականներու, կրթական պատասխանատուներու, բարերարներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, շրջանաւարտները մոմավառութեան յատուկ արարողութեամբ մուտք գործեցին սրահ եւ իրենց մոմերը յանձնեցին իրենց կողքին կանգնող մանկապարտէզի շրջանաւարտ աշակերտներուն:

Հարպոյեան վարժարանի վահանի գալիք տարուան շրջանաւարտներուն փոխանցումին յաջորդեց հայերէնով աշակերտական ուղերձին ընթերցումը, որ կատարեց Աւետիս Ճենանեան: Վարժարանի պարախումբի «Խորոտիկ» պարին ներկայացումով սկսաւ հանդէսին գեղարուեստական յայտագիրը, որմէ ետք խօսք առաւ Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան:

Ան ըսաւ, որ աշակերտներու տասնհինգամեայ աշխատանքին ճարտարապետները եղան վարժարանի ուսուցիչները, որոնք մեծ համբերութեամբ աշակերտներու կրթութեան նաւը հասցուցին նաւահանգիստ, ուրկէ անոնք պիտի շարունակեն նաւարկել դէպի կեանքի ովկիանոսը:

Տնօրէնը աւելցուց, որ շրջանաւարտները պէտք է տէր կանգնին կրօնին, մշակոյթին ու կրթութեան եւ առիթ չտան, որ այդ արժէքները որեւէ ձեւով վտանգուին կամ կորսուին: Ռիթա Պոյաճեան յոյս յայտնեց, որ շրջանաւարտները ապագային պատիւ կը բերեն ընտանիքներուն, վարժարանին, Լիբանանին եւ հայ ազգին:

Իր կարգին, հիւսիսային Մեթնի նահանգապետ Մարլին Հատտատ նշեց, որ շրջանաւարտները պէտք է երախտապարտ ըլլան իրենց ծնողներուն, որոնք իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրած են` ապահովելու համար որակաւոր ուսում եւ կրթութիւն: Հատտատ շնորհաւորեց տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, որոնք հաւաքաբար կը ծառայեն դպրոցին առաքելութեան:

«Մենք ենք սարերը մեր» պարով շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը, որուն յաջորդեց անգլերէնով աշակերտական ուղերձին ընթերցումը, որ կատարեց Լորա Եփրեմեան: Շրջանաւարտները երգեցին «Տոզ վըր տը տէյզ» երգը եւ Ռաֆայէլ Օհանեան կարդաց արաբերէն ուղերձը: Հայկական ժողովրդային երկու պարերէ ետք, Ռիթա Գույումճեան կարդաց արաբերէն ուղերձը:
Ներկաները դիտեցին շրջանաւարտներու մասին եւ անոնց ծնողներուն վկայութիւնները փոխանցող տեսերիզ մը, որմէ ետք Փաթիլ եւ Գոհար Յակոբեանները երգեցին հայրերուն եւ մայրերուն նուիրուած երգեր, մինչ շրջանաւարտները վարդեր նուիրեցին իրենց ծնողներուն:

Երգերուն յաջորդեց բարձրագոյն նիշեր ապահոված աշակերտներու մրցանակներու բաշխումը: Մրցանակաբաշխութիւնը կը հովանաւորէր Շահէ Պոյաճեան, առ ի յիշատակ իր ծնողներուն` Յարութիւն եւ Արաքսի Պոյաճեաններուն:

Ապա Ռիթա Պոյաճեան հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեանին յանձնեց յուշանուէր մը` շնորհաւորելով անոր եպիսկոպոս-առաջնորդի նոր առաքելութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ:

Հայր Մուրատեանի, նահանգապետ Մարլին Հատտատի եւ տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը: Օրուան վերջին պատգամը փոխանցեց Միքայէլ եպս. Մուրատեան, որ յայտնեց, թէ այսուհետեւ շրջանաւարտները ծնողներու աշխատանքներուն պտուղներն են, որոնք ունին մեծ պատասխանատուութիւն` հայութեան եւ Լիբանանին նկատմամբ: Հայր Մուրատեան շնորհաւորեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը` յաջողութեամբ պսակուած տարեշրջան մը ունենալուն առիթով:

Հանդիսութեան պաշտօնական արարողութենէն ետք, վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ հրավառութիւն, կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ