Ուրբաթ, 20 Ապրիլ 2007 - Կոմիտաս Վարդապետի Նուիրուած Հանդիսութիւն

 

Պէյրութ, Լիբանան

Բարձր հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան Մշակութային յանձնախումբին՝ Ուրբաթ, 20 Ապրիլ 2007-ի  երեկոյեան ժամը 8:30ին, Հ. Կ. Մ.ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտաս վարդապետի յիշատակին նուիրուած հանդիսութիւն մը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականերու Միութեան անունով արտասանեց Մարալ Աթէշեան, որ ըսաւ, թէ Կոմիտասը հայ ժողովուրդին ձ•եց հո•եւոր մեծ հարստութիւն: Աթէշեան հաստատեց, որ ժողովուրդի մը յաւերժութիւնը կը կայանայ անոր նախնիներէն փոխանցուած ժառանգութեան մէջ:

Բացման խօսքէն ետք ներկայացուեցաւ «Կոմիտաս վարդապետ՝ հայ երաժշտութեան հիմնադիր» նիւթով տեսաերիզ մը, որուն ճամբով ներկաները ծանօթացան Կոմիտասի կեանքին եւ մշակութային բեղուն գործունէութեան:

Ապա «Առաքելոց» արական երգչախումբը, որուն խմբավարն է Գրիգոր Ալոզեան, մեկնաբանեց կոմիտասեան պատարագէն բաժիններ, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ օրուան բանախօս՝ Պարգեւ Թասլաքեանը, որ արժեւորեց «Կոմիտաս Երաժշտա•էտ»ի մշակութային տաղանդը:

Թասլաքեան ըսաւ, որ միայն Կոմիտասին երգերը երգելով կարելի է լաւ կերպով ծանօթանալ անոր: Բանախօսը նշեց, որ Կոմիտաս երգերու ընդմէջէն պահպանած է հայկական սովորութիւններն ու հայերէնը:

Օրուան բանախօսը բեմ հրաւիրեց  Թրիփոլիի «Ֆայհա» երգչախումբը, որուն ճամբով ներկաներուն տեսականօրէն ծանօթացուց Կոմիտասի երաժշտական մեծ հարստութիւնը:
Խմբավար բանախօս Թասլաքեանը նշեց, թէ Կոմիտաս բոլորին ցոյց տուաւ, որ երաժշտութիւնը համաշխարհային չէ, այլ՝ ազգային:

Նշենք, որ «Ֆայհա» երգչախումբը ներկայացուց «Հինգ էծ ունեմ», «Զարզընգը» եւ «Ծիրանի ծառ» երգերը:

Ձեռնարկի աւարտին Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը խօսք առնելով ըսաւ. «Մենք կ’ոգեկոչենք մեր բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը ոչ թէ իբրեւ սովորութիւն ու աւանդութիւն կամ պատմական դէպք, այլ կը յիշատակենք, որովհետեւ մենք կ’ապրինք անոնց ուխտը եւ մենք հաւատարիմ ենք իրենց հաւատքին»:

Հոգեւոր Տէրը իր պատգամին աւարտին ներկաներուն կոչ ուղղեց հետեւելու Կոմիտասին եւ բոլոր նահատակներուն ուղիին:

 

 

 

 

 

 

 



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ