Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2012 - Հայաստանի նորանշանակ առաքելական նուիրակի այցելութիւնը՝ քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարան


Հռոմ

Երկուշաբթի, 6 փետրուար 2012, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարան այցելեց Հայաստանի նորանշանակ առաքելական նուիրակ՝ մոնսինիոր Մարէք արք. Սոլչզինսքին՝ մասնակցելու համար ի պատիւ իրեն պատրաստուած ընտանեկան ընթրիքին:
Այս հանդիպման ներկայ գտնուեցան մոնսինիոր Մաուրիզիօ Մալվեսթիթի (Վատիկանի կաթողիկէ դաստիարակութեան խորհուրդի փոխ-քարտուղար), վարժարանի տնօրէն՝ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վրդ. Նորատունկեան, Հալէպի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ գերապայծառ Պետրոս արք. Միրիաթեան, գերապատիւ հայր Թովմաս վրդ. Կարապետեան, հայր Յովսէփ Պէզուզու, ինչպէս նաեւ նորընծաները:

Ընթրիքին նախ խօսք առաւ գերյարգելի տեսուչ վարդապետը՝ բնաբան առնելով հայուն ինքնութիւնն ու պատմութիւնը, շեշտելով կրօնքին կարեւորութիւնն ու մեծութիւնը հայ ազգին համար: Ան ընդգծեց իսկական հովիւի մը կարիքը՝ զինք առաջնորդելու համար:  Գերյարգելին նաեւ մաղթեց թէ, այս նախախնամական դէպքը իրեն համար առիթ մը ըլլայ հայ ազգն եւ հայու հոգեւորականութիւնը աւելի մօտէն ճանչնալու ու հասկնալու, ինչպէս նաեւ այս ընտրութիւնը ըլլայ այն հզօր ձեռքը զորս միշտ պատրաստ է հասնելու բոլորին իրենց բոլոր նեղութիւններուն մէջ:

Մոնսինիոր Մարէք արք. Սոլչզինսքին իր կարգին նախ շնորհակալութիւն յայտնեց այս մտերմիկ պահուն համար զորս պատրաստուեցաւ եւ կազմակերպուեցաւ Լեւոնեան վարժարանի տեսչութեան կողմէ, աւելցնելով թէ իրեն համար անակնկալ էր այս անուանումն ու ընտրութիւնը յատկապէս որպէս սուրբ Աթոռի առաքեալ Հայաստանի համար, որովհետեւ իսկապէս նախախնամական էր թէ միեւնոյն ազգէն՝ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. սրբազան քահանայապետը ինչպէս նաեւ այժմու նուիրակը, պիտի ծառայեն հայ ազգին ու հայ հողերուն համար: Ան նաեւ ըսաւ թէ ինք պատրաստ է իր ձեռքը հայ ժողոխուրդի ձեռքերուն մէջ զետեղելու վասն բարգաւաճման եւ հզօրացման հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր պատմութեանը:
«Իմ յարկիս դռները միշտ բաց են բոլորին առջեւ» ըսաւ Հայաստանի նորընտիր նուիրակը եւ խօսքը եզրափակեց քաջալերելով նորընծաները դառնալու մէկական առաքեալներ հայ ժողովուրդին համար: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ