Շաբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2007 - Մեսրոպեանի Բարերարները Կը Համախմբուին Վարժարանի Յարկին Տակ

 

Պէյրութ, Լիբանան

 
Երկուշաբթի՝ 3 Դեկտեմբեր 2007ի երեկոյեան ժամը 6:00ին Մեսրոպեան վարժարան այցելած հիւրերու շարքին էին «Պօղոսեան» հիմնադրամի նախագահ Պր. Ժան Պօղոսեան, Իտալիոյ
 
Պրեշիա քաղաքի Տի.Էմ. Էս. Օնլուս բարեսիրական կազմակերպութեան նախագահ՝ Դոկտ. Անճելօ Պոզիոն եւ տիկինը՝ Դոկտ. Պարպարա Պոզիոն, Պելճիքայի մէջ «Պօղոսեան» հիմնադրամի ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Տիան Հեննեպըրթը, Լիբանանի «Պօղոսեան» հիմնադրամի ներկայացուցիչ Պր. Փաթրիք Ֆարաճեան, Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Եղիայեան, Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան, Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի եւ Արուեստից վարժարանի տնօրէն՝ Կրէկուար Գալուստ եւ տիկինը՝  Հուրի Գալուստ, ինչպէս նաեւ վարժարանի ճարտարապետ  Տիգրան Գալուստեան:
Վարժարանի հիւրասրահին մէջ մեծարգոյ հիւրերը ծաւալուեցան հետաքրքրական զրոյցի մը շուրջ, որմէ յետոյ Տիկ. Հեննեպըրթ Պր. Գալուստին յանձնեց «Պօղոսեան» հիմնադրամի ծրագիրը ներկայացնող գրքոյկ մը:

Հիւրերը շրջագայեցան Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տարբեր բաժանմունքներուն մէջ, ապա անոնք անցան Մեսրոպեան Արուեստից վարժարան, ուր այցելեցին բոլոր լսարանները, ներկայ ըլլալով դասալսումներու:

 
Այցելելով «Ֆարաճեան» լսարան, հիւրերը դիտեցին երկու տեսաերիզներ: «Բարերարները» խորագիրով տեսաերիզը, որուն հեղինակն է  Վարդան Թաշճեան եւ Արուեստից վարժարանի
 
մասին պատմող տեսաերիզը՝ հեղինակութեամբ Պր. Արամ Գարատաղլեանի:

Շրջագայութեան վերջաւորութեան հիւրերը մէկտեղուեցան Արուեստից վարժարանի յարկին տակ բացուած ընթրիքի սեղանին շուրջ, որ պատրաստուած էր ձեռամբ խոհարարական բաժինի ուսանող-տիկիններուն, հսկողութեամբ խոհարար Անթուան Ապուտի: Եւ քանի որ օրը կը համընկնէր Ս. Պարպարայի տօնին եւ հիւրերուն մէջ էր Տիկ. Պարպարա Պոզիոն, բոլորին բաժնուեցան գեղեցիկ դիմակներ, ինչպէս նաեւ Տիկ. Պարպարային անուանակոչութեան առիթով վարժարանի տնօրէն . Կրէկուար Գալուստ յանձնեց շնորհաւորական նուէր եւ ծաղկեփունջ: Այսպիսով, ջերմ մթնոլորտի մը մէջ աւարտին հասաւ Մեսրոպեան վարժարանի բարերարներու վարժարանի յարկին տակ համախմբումի այս գեղեցիկ հանդիպումը:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ