Երկուշաբթի, 21 Յուլիս 2008 - Ս.Գրիգոր Լուսաւարիչ Սկաուտախումբի Հիմնադրութեան 80 Ամեակի Տօնակատարութեան

Լիբանան
 

 
Հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր  Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ սկաուտախումբի 80-ամեակի յանձնախումբին, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Գրիգոր Թերզեանի (նախկին ընդհանուր խմբապետ), Կիրակի, 20 Յուլիս 2008-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ սկաուտախումբի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւն՝ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ ժողովրդային բազմութեան:

Արի-արենուշներու կատարողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ «Ով հայ արի» քայլերգները լսելէ ետք խօսք առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ սկաուտախումբի ընդհանուր խմբապետ Միհրան Այնեճեան, որ նշեց, թէ 80-ամեակը առիթ մըն է նոր թափով շարունակելու սկաուտական աշխատանքները:

Այնեճեան ըսաւ, թէ դժուարութիւնները պէտք չէ յուսահատութիւն պատճառեն, այլ յաւելեալ ճիգով շարունակելու գրաւականը պէտք է հանդիսանան:

 
Իր կարգին, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան հաստատեց, թէ սկաուտութիւնը հիմնական միջոց մըն է՝ ծառայելու ազգին եւ եկեղեցիին:
 


Հոգեւոր հայրը նշեց նաեւ, որ սկաուտութեան մէջ խմբային հասկացողութիւնը շարժառիթ է դուրս •ալու անհատականէն՝ ապրելու համար հաւաքաբար:

Իսկ օրուան բանախօս Սարգիս Նաճարեան ըսաւ, որ հայ սկաուտը արժանաւոր ժառանգորդն է Վարդանանց հերոսներուն, որոնք նահատակուեցան կրօնին եւ հայրենիքին համար:
Նաճարեան հաստատեց, որ սկաուտութիւնը ապրելակերպ է, նկարագիր ու սկզբունք:

Լիբանանի սկաուտներու ընդհանուր խմբապետ Ռոպին Ռիշա իր կարգին փոխանցեց շնորհաւորական խօսքը՝ մատնանշելով, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ սկաուտախումբը Լիբանանի սկաուտական ընտանիքին մէջ ունի իր իւրայատուկ տեղը:

Ձեռնարկի ընթացքին սկաուտները երգերով, կենդանի պատկերով, պարով ու կանչերով ստեղծեցին սկաուտական առողջ մթնոլորտ: Իւրայատուկ էր արի-արենուշներու երգչախումբին կողմէ Սայաթ Նովայի երգերուն ներկայացումը:

Բենեդիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետի օրհնութեան գիրի յանձնումէն ետք տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու տուչութիւնը, որմէ ետք հանդէսին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Ամեն. Հոգեւոր Տէրը, որ հաստատեց, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ սկաուտախումբը միշտ պատրաստ է օգտակար հանդիսանալու իր շրջապատին:

Հոգեւոր Տէրը ողջունեց նաեւ սկաուտախումբին 80-ամեայ երթը՝ շեշտելով ծառայասիրութեան կարեւորութիւնը ու մաղթելով նորանոր ձեռբերումներ:

Ապա տեղի ունեցաւ սկաուտական խոստումի վերանորոգման արարողութիւն եւ հիւրասիրութիւն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ