Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2015 - Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ Հայրապետական սուրբ Պատարագ

 

 

 

Պէյրութ

 

Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով

Ամենապատիւ Տէր

Ներսէս Պետրոս ԺԹ.

Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

 

Հայրապետական սուրբ Պատարագը պիտի մատուցանէ

եւ Սուրբ Յարութեան պատգամը պիտի փոխանցէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Սուրբ Եղիա» Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ,

Տեպպաս հրապարակ, կիրակի 5 ապրիլ 2015, առաւօտեան ժամը 10:00ին։

Նոյն օրը պիտի հրապարակուի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով տրուած յատուկ հայրապետական պատգամը,

 «Ի ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ» խորագրով:

 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Զատկուայ առթիւ շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի Պատրիարքարանի դահլիճը՝ կիրակի 5 ապրիլ ժամը 12.00էն-13.30 եւ 16.30էն-19.00։

 

 

 

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ