Երկուշաբթի, 16 Յունուար 2012 - Կիրակնօրեայ խօսքը. «Աստուած մարդացաւ, որպէսզի մարդն աստուածանայ…»

 

Սիրելի՛ ընթերցող, երէկ կիրակի էր:

Կիրակի՛ն, որ շաբթուան առաջի՛ն օրն է եւ ո՛չ վերջինը, Տիրոջ վերապահուած է, որուն ընթացքին մեզի առիթը կը տրուի ըլլալու աւելի մօտ Աստուծոյ եւ Աստուծոյ հետ, ուստի` աստուածանմա՛ն, եթէ Անոր քիչ մը ժամանակ տրամադրենք:

Այս ժամանակին մեր տրամադրութիւնն է մեր մասնակցութիւնը կիրակնօրեայ Ս. պատարագին, որուն երէկուան Աւետարանի ընթերցումը կատարեցինք երկրորդ աւետարանիչէն Մրկ. 1,1-13 հատուածը:

Աստուած մարդացաւ մեր փրկութեան համար: Աստուածամարդ Յիսուս Քրիստոս` Ի՛նքն է մեր փրկութիւնը, մեր ազատագրումը, զոր նախատեսան մարգարէները: Անոնց մեծագոյններէն մին եղաւ Յովհաննէս Մկրտիչ, որ, իր կարգին, իբրեւ «ձայն բարբառոյ յանապատի» պատրաստեց «Տիրոջ ճանապարհը»:

Կարապետին` ճամբայ բացողին պատրաստութեան առաջնահերթ առաքելութիւնն էր, որ ինք` Յովհաննէս քարոզէր «ապաշխարութեան մկրտութիւնը` մեղքերու թողութեան համար»:

Անոր քարոզին հաւատալով` Հրէաստանի ժողովուրդն ու Երուսաղէմի բնակիչները անկէ մկրտուեցան «Յորդանան գետին մէջ` խոստովանելով իրենց մեղքերը»:

Մկրտութիւնը անհրաժեշտ է փրկութեան համար, բայց անկէ առաջ նոյնքան կենսական է մեղքերու խոստովանութիւնն ի խնդիր մեր ազատագրումին:

Եթէ խոստովանութեան համար առաջին պահանջը հաւատքն է, ապա նաեւ խոնարհութիւնն է, զոր քանիցս գործադրեց Յովհաննէս Կարապետ, օրինակի համար երբ ինքզինքն անարժան հռչակեց նոյնիսկ քակելու կօշկակապերը Աստուածամարդուն…

Խոնարհութեան գործադրողը խոնարհութեան մարմնացումն եղաւ Յիսուս Քրիստոս, որ խուռներամ ամբոխին հետ գնաց Յովհաննէս Մկրտիչին` խնդրելով մկրտուիլ:

Անմեղն եւ անմեղութիւնը, սուրբն ու սրբութիւնը` Յիսուս Քրիստոս մեզի տուաւ ուղեգիծը եւ հարթեց ճամբան, որոնց մեր ընթացումով` մեզի կը դիպին չորս հրաշազան արարքներ:

Առաջին` Տիրոջ խօսքին հանդէպ ունեցած հաւատքով եւ Յիսուսի խոնարհամտութեամբ երբ կը մօտենաս ապաշխարութեան խորհուրդին, «երկինքը բացուած» կը տեսնես յաւիտենական փրկութեանդ համար:

Երկրորդ` Տիրոջ խօսքին հանդէպ ունեցած հաւատքով եւ Յիսուսի խոնարհամտութեամբ երբ կը մօտենաս ապաշխարութեան խորհուրդին, «Աստուծոյ հոգին», աղաւնակե՛րպ, կ՛իջնէ քու սրտիդ մէջ…:

Երրորդ` Տիրոջ խօսքին հանդէպ ունեցած հաւատքով եւ Յիսուսի խոնարհամտութեամբ երբ կը մօտենաս ապաշխարութեան խորհուրդին, «երկինքէն ձայն մը» կը լսես, որ կ՛անդորրացնէ քու ամբողջ էութիւնդ:

Չորրորդ` Տիրոջ խօսքին հանդէպ ունեցած հաւատքով եւ Յիսուսի խոնարհամտութեամբ երբ կը մօտենաս ապաշխարութեան խորհուրդին, հոգեմտաւոր ներաշխարհիդ մէջ կ՛արձագանգէ.«Դուն ես իմ սիրելի զաւակս, զոր հաւնեցայ»:

Եւ այսպէս, դուն կը սկսիս թեւակոխել «աստուածացում»-իդ սեմը, որուն մասին կը խօսի հայ մեծագոյն աստուածաբանը` Ս. Ներսէս Լամբրոնացի (1153-1198): Անոր սրտէն ու մտքէն մէջբերեցի այս սիւնակիս վերտառութիւնը:

Ամենասուրբ Երրորդութեան տոմարին մէջ եթէ Աստուծոյ մարդեղութիւնը անըմբռնելի սիրոյ սխրագործութիւնն է, ապա տիեզերքի տարեգրութեան մէջ մարդուն «աստուածացում»-ը հաւատաբորբ սիրոյ աւելի մեծ սխրագործութիւնն է, քանի Աստուած Տէրն է անկարելիին, մինչ մարդը նոյնիսկ տէրը չէ կարելիին…

Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ ուզեց նմանիլ մարդուն: Իր կարգին` մարդն ալ այնքան սիրելու է իր Աստուածը, որ ջանալու է ըլլալ Աստուծոյ նման:

Իր մարդասիրութեան մէջ Աստուած խոնարհեցաւ, որ հասնի իր նպատակին: Իր աստուածասիրութեան մէջ մարդը խոնարհելու է, որ իրականացնէ իր դիտաւորութիւնը:

Անկարելիին ու կարելիին ծիրէն ներս հնարաւոր եղափոխութիւնը դարձուց Արարիչը «արարած» եւ մարդը դարձնելու է «արարիչ», եթէ մարդկային էակը կամենայ ու կարենայ ընթանալ անշեղ ուղեգիծը Յորդանան գետին մէջ մկրտուող Աստուածամարդուն:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 9 Յունուար  2012


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ