Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2011 - Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Բարի Գալուստի խօսք հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ


Պէյրութ – 4.9.2011

Ազնուափայլ տիկին Հրանուշ Յակոբեան,

Ձեր ներկայութիւնը այս Պատրիարքական յարկին տակ մեզի հաճոյք կը պատճառէ, գիտնալով ձեր կարեւոր դերը եւ ծանր բեռը Սփիւռքահայութեան մէջ։ Յատկապէս, Ձեր այցելութիւնը կը նկատենք մեր միջեւ եղած համագործակցութեան մէկ նոր ապացոյց մը։

Ձեր այցելութեան բուն շարժառիթը, որքան որ գիտենք, Հայկազեան Համալսարանի Գիտաժողովն է, բայց ասիկա առիթ եղաւ, որ զանազան պատասխանատու լիբանանահայերու հետ հանդիպիք եւ ամրացնէք ձեր կապերը Լիբանանի այս կարեւոր Սփիւռքահայութեան հետ։ Լիբանանը ոչ թիւով այլ որակով՝ հոգեւոր մարզին մէջ, քանի 2 Կաթողիկոսարան կան, ինչպէս նաեւ մտաւոր, կրթական եւ մշակութային մարզերով յատուկ դեր ունի Սփիւռքահայութեան մէջ։ 

19-20 Սեպտեմբերի Համահայկական Համաժողովին կը պատրաստուիք մեծ շուքով։ Մօտօրէն, ձեզի պիտի ուղարկենք մեր մասնակցութեան եւ մեր խորհրդածութիւններու արդիւնքը անոր մասին։ Անձնապէս, վատառողջութեանս պատճառաւ պիտի չկարենամ ներկայ գտնուիլ։ Զիս պիտի ներկայացնէ այս Համաժողովին նորընտրեալ Հ. Ռափայէլ Արք. Մինասեանը, որուն հետ առիթ ունեցած էք տեսնուելու եւ մօտէն ճանչնալու։ Ան պիտի կարդայ մեր Օրհնանքի Գիրը։

Տեղեկացայ որ երկու նորօծ եպիսկոպոսներուն հետ արդիւնաւէտ հանդիպումներ ունեցաք։ Ուրախ եմ Ձեր համագործակցութեան տրամադրութեան համար։ Մենք համագործակցելու մեր պատրաստակամութեան վկայութիւնը տուած ենք։

Ուրախ եմ Կարդինալ Աղաճանեանը □Մեր Մեծերը□ հատորներու շարքին մէջ ներգրաւելու ձեր պատրաստակամութեան համար։ Այդ շարքին մէջ, կ՚արժէ նաեւ ներգրաւել Մխիթար Սեփաստացին, որ աստուծահաճոյ Միաբանութեան հայրերուն միջոցաւ՝ հայերէն լեզուի վերածնունդը յառաջ բերաւ 18րդ եւ 19րդ դարերուն։

Ազնուազարդ Տիկին Յակոբեան,

Ձեր ուշադրութեան կ՚ուզեմ յանձնել հետեւեալ երեակ ազդակները՝ աստուածասիրութիւնը, հայրենասիրութիւնը եւ համայքասիրութիւնը։ Ով որ համայնքը կը սիրէ կրնայ հայրենիքն ալ սիրել։ Բայց առանց աստուածասիրութեան, անկեղծ հայրենասիրութիւն չկայ, հարազատ հայրենասէրներ չկան, այլ՝ անձնական շահ փնտռողներ եւ պատիւի ետեւէն վազողներ։ Անգամ մը եւս կարդացէք Նարեկացին, Շնորհալին եւ Լամբրոնացին, եւ իրազեկ պիտի ըլլաք աստուածասիրութեան կարեւորութեան եւ իմաստին։

Ասոր համար ուրախ եմ եկեղեցւոյ դերի կարեւորութիւնը Համահայկական Համաժողովի ուշադրութեան յանձնելու համար։ Եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան դերը շատ կարեւոր են մեր ժողովուրդի հոգեւոր անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար։
Այս նպատակով, կարեւոր է զգոյշ ըլլալ աղանդներու սփռած թիւր վարդապետութիւններէն եւ քարոզութենէն, որ Լուսաւորչեան քրիստոնեայ վարդապետութիւնը չէ։

Արցախի ազատագրումին 20ամեակի առիթով, կ՚ուզենք մեր համայնքի անունով մեր սրտաքին բարեմաղթութիւնները արտայայտել Արցախի պետութեան եւ քաջառի ժողովուրդին, յուսալով որ մօտօրէն Արցախը վայելէ ճանաչումը միջազգային ընտանիքի կողմէ եւ իր արդար իրաւունքները ստանայ։

Ունինք 100-ամեակի ոգեկոչման ծրագիրներ, որոնք Հայաստանի համագործակցութեան կը կարօտին։ Յետագային, ձեզ տեղեակ պիտի պահենք։

 


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ