Չորեքշաբթի, 18 Մայիս 2011 - Նարեկացի կեդրոնի ներկայացուցիչները եւ Փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան այցելեցին Հայկազեան համալսարան


Պէյրութ

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տնօրէն հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան, Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի վարիչ Վարդան Թաշճեան եւ հայրենի մանկավարժ Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան 16 մայիսին այցելեցին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանին եւ անոր հետ ունեցան աւելի քան մէկ ժամ տեւած շահեկան զրոյց մը` հայկական կրթական մարզը յուզող խնդիրներու եւ այժմէական հարցերու մասին: Նարեկացի կեդրոնի պատասխանատուները պարզեցին Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններուն մէջ կեդրոնին իրականացուցած մանկավարժական կազմաւորումի միամսեակի աշխատանքներուն ընթացքը, բովանդակութիւնն ու նպատակները:
Ինչպէս յայտնի է, նշեալ աշխատանքային ծրագիրը կը վարէ Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի դասախօս Դոկտ. Կիւլամիրեան` հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ գործակցութեամբ Հայաստանի կրթական նախարարութեան եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի:
Դոկտ. Հայտօսթեան եւ  Փրոֆ. Կիւլամիրեան անդրադարձան Լիբանան-Հայաստան կրթական հասարակաց խնդիրներուն եւ բարձրագոյն կրթութեան մարզին մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն: Անոնք կարեւորեցին առողջ հիմքերու առկայութեան անհրաժեշտութիւնը` ակադեմական գործակցութեանց զարգացման համար, ի խնդիր ընդհանուր յառաջդիմութեան:
Փրոֆ. Կիւլամիրեան յառաջիկայ հինգշաբթի, 26 մայիսին Հայկազեան համալսարանին մէջ պիտի ներկայացնէ դասախօսութիւն մը` հումանիստական մանկավարժութեան սկզբունքներուն եւ խորհրդային կարգերու լուծարումէն ետք Հայաստանի մէջ անոնց կիրարման փորձին վերաբերեալ:


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ