1- Օսմանեան Կայսրութիւնը եւ Քրիստոնեաները

«Թիւրքերը, Պետականութեան մասին իրենց աստուածաբանական ըմբռնումներուն պատճառով, իրենց ոչ-իսլամ հպատակները կը դասէին անոնց եկեղեցական պատկանելիութեան համաձայն, եւ ոչ թէ անոնց ազգութեան: Այսպէս «Րում միլլէթ»ը (Յոյն ազգ), կ՛ընդգրկէր յունական ծէսին պատկանող բոլոր քրիստոնեաները, Պուլկարացիները, Սերպերը, Ռումանացիները, ուղղափառ Ալպանացիները, նոյնիսկ Սուրիոյ արաբ մելքիտները, ինչպէս նաեւ իսկական յոյն Հելլենները:
Պոլսոյ յոյն տիեզերական Պատրիարքը, որ ըստ եկեղեցական կանոններու, միայն իր Պատրիարքութեան սահմաններուն, այսինքն՝ Թրակիոյ եւ Անատոլիայի վրայ իրաւատութիւն ունէր, դարձաւ քաղաքական պետը բոլոր յուանծէս քրիստոնեաներուն, որոնք այսպէս կազմեցին «Հռոմայեցիներուն ազգը» (Ռում միլլէթի):
Abraham Ardzivian
Ժամանակ մը ետք, միեւնոյն ձեւով, Հայ Պատրիարքութիւն մը ստեղծուեցաւ Պոլսոյ մէջ (1461-ի շուրջ, ծանօթ.), որուն գահակալը իր ազգակիցներուն վրայ ստացաւ նոյն իրաւասութիւնները, զորս յոյն Պատրիարքը կը վայելէր իրեններուն վրայ» (Colonel Lamouche, Histoire de la Turquie):
Հետեւաբար, պետական այս օրինագծով, թրքահպատակ Հայերը, ըլլա՛ն առաքելական, կաթողիկէ թէ աւետարանական,ենթակայ էին մէկ եկեղեցական իշխանութեան. Պոլսոյ Հայ Առաքելական Պատրիարքին, որ հակառակ ազգային-եկեղեցական կանոններուն, Սսոյ Կաթողիկոսէն ալ բարձր հեղինակութիւն ունէր Բ. Դրան մօտ, օսմանեան Հայութեան միակ պետական ներկայացուցիչը ըլլալուն: «Քրիստոնեաները իրենք զիրենք կը կառավարէին իրենց համայնքին չափանիշներով. կը պահպանէին իրենց աւանդութիւններն ու իրենց լեզուն, իրենց Առաջնորդին ու աշխարհական խորհրդատուներու ղեկավարութեամբ: Թրքական վարչաձեւին մէջ, անհատը Պետութեան անդամ ըլլալէ առաջ, իր համայնքին անդամ է:Պետութիւնը վերեւի կառոյցն է: Քրիստոնեայ համայնքները կրնային իրենց անդամներէն տուրքեր գանձել իրենց եկեղեցական եւ մշակոյթային պահանջներուն համար, դպրոցներ ու բարեսիրական հաստատութիւններ ունենալ: Ամուսնութիւնները, ապահարզանը ու ժառանգական խնդիրները եկեղեցական ատեաններու յանձնուած էին» (J. Boulos, les peuples et les Civilisations du Proche Orient, vol. V.) Հետեւաբար, Օսմանեան Տէրութեան բոլոր հայ կաթողիկէները կրօնապէս ու քաղաքականապէս հպատակ էին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքին: Անոնց արգիլուած էր ուրոյն պետ ունենալ, ուրոյն եկեղեցի, կղեր կամ աղօթավայր ունենալ: Այս օսմանեան իրավիճակին զօրութեամբ, Հայ Կաթողիկէները յաճախելու էին Պոլսոյ Պատրիարքին եկեղեցիները, հոն մկրտուելու, պսակուելու եւ թաղուելու էին, անոր դատական ատեանին դիմելու էին: Oսմանեան կայսրութեան մէջ կային նաեւ եւրոպացի կամ լատին կաթողիկէներ, որոնք Պոլսոյ գրաւումէն առաջ, հոն էին…: Անոնք շնորհիւ Capitulations-ի (1535) եւ Պոլիս բնակող եւրոպական դեսպաններու ներկայութեան, կրօնական ազատութիւն կը վայելէին, ունէին իրենց եկեղեցիները, կղերն ու Արքեպիսկոպոս մը: Ուստի երկու տեսակ կաթողիկէներ կ՛ապրէին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ. անոնք որ կաթողիկէ ըլլալնուն համար կրնային հալածուիլ, բանտարկուիլ ու աքսորուիլ (որոնցմէ էին Հայ Կաթողիկէները), եւ անոնք որ կրնային անպատիժ ու քիչ մը ցուցադրաբար իրենց կաթողիկէութիւնը ապրիլ:
2- Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին «Միաբանո՞ղ Եկեղեցի» է

Արծիւեան հիմնադիրը չէ Հայ Կաթողիկէութեան: Իր ժամանակ ու իրմէ առաջ՝ արդէն քիչ մէ ամէն տեղ հայ կաթողիկէ կեդրոններ գոյութիւն ունէին:
Կարապետ Եպս. Ամատունի, իր "L'Eglise Armռnienne et la Catholicitռ", (1978, Venise, Imp. T.L.A.) աշխատասիրութեան մէջ, կ՛եզրակացնէր ուրիշ հեղինակներու հետ. «Մեր օրերուն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, որպէս ժառանգորդը այն Եկեղեցիին զոր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կանգնեց եւ զոր պահպանեց Ս. Սահակ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ անոնց հաւատարիմ հետեւորդ Հայրապետները, չի կրնար դասուիլ այն կաթողիկէ եկեղեցիներուն շարքին, որոնք Արեւելքի մէջ ծնունդ առին ԺԶ. եւ ԺԷ. դարերուն՝ Բիւզանդական շրջագիծին մէջ եւ որոնք «Միաբանող» կը կոչուին:
Բոլոր Հայրապետները, որոնց անունը յիշուած է այս կայքին մէջ, կազմեցին այն կաթողիկէ առէջը, սկիզբէն մինչեւ ԺԸ դար: Աբրահամ Արծիւեանի, 1742-ին, Հալէպի մէջ Հայ Կաթողիկէ ուրոյն Նուիրապետութիւն մը նախաձեռնելու այդ շղթային շարունակութիւնն է:
Այս տուեալներուն լոյսին տակ, Հայ Կաթողիկէները «միաբանող» կոչելը՝ Պատմութիւնը խեղաթիւրել պիտի նշանակէր ( Կարապետ Եպս. Ամատունի)…
3- Հայ Կաթողիկէութիւնը Արծիւեանէն առաջ

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը վերահաստատող Աբրահամ Արծիւեանէն առաջ, Պոլսոյ, Մարտինի, Հալէպի, Տիարպեքիրի, Լեհաստանի, Թրանսիլվանիոյ, Իտալիոյ մէջ հաստատուած հայ կաթողիկէ ժողովուրդ կար, մերթ սակաւաթիւ, մերթ ստուարաթիւ, ենթակայ զանազան ու զարմանազան հայ թէ ոչ-հայ Առաջնորդներու. Հօտ մը առանց Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան:
Պէ՞տք էր այդպէս շարունակել:
Կարգ մը հայ եւ լատին եկեղեցականներ, համարելով որ Հայոց Եկեղեցին արդէն կը պատկանէր Տիեզերական Եկեղեցիին ու միայն տգիտութենէ կամ անգիտութենէ մղուած՝ Ֆիզիքապէս բաժնուած էր անկէ, կը նախընտրէին չխզուիլ Հայոց Եկեղեցիէն, այլ զայն ներսէն ներգրաւել լուսաբանութեան ուժով: Այս տեսակէտը նկատի չէր առներ, թէ Հայոց Եկեղեցին, ինք, ի՞նչ կը մտածէր այս հարցին շուրջ:
Ուրիշ եկեղեցականներ, մանաւանդ Պոլսոյ Ֆրանսացի դեսպաններուն նախաձեռնութեամբ, համամիտ էին երկխօսութեան ճամբով՝ լեզու գտնելու Պոլսոյ Հայ Պատրիարքութեան հետ: 1701-էն սկսուած ու մինչեւ 1830 շարունակուած բանակցութիւնները մնացին ապարդիւն, մերթ այս կողմին, մերթ միւս կողմին յարուցած դժուարութիւններուն պատճառով:
Հիմնահարցը հետեւեալն էր. արդեօք Հայոց Եկեղեցին Տիեզերականէն բաժնուա՞ծ թէ անոր միացած նկատուելու էր: Այս հարցումին տրուած դրական կամ ժխտական պատասխանին համաձայն, հայ կաթողիկէներուն թոյլ կը տրուէր կամ կը մերժուէր զայն յաճախել: Հայ կաթողիկէութիւնը, մանաւանդ Պոլսոյ մէջ, երկու հոսանքի բաժնուած էր: Դրական պատասխանին կողմնակիցները հանգիստ կը յաճախէին ազգային եկեղեցիները:
Իսկ ժխտական պատասխանին կողմնակիցներուն համար՝ երկընտրանքը խղճի ծանր հարց կը դառնար, որ ի վերջոյ կրօնական ազատութեան պահանջ ու խղճի կաշկանդումի դէմ բողոքի ձեւ առնելով, հայ կաթողիկէ զանգուածները մղեց ուրոյն Համայնք մը դառնալու որոշումին:
Անկախացումի առաջին փորձը կատարուեցաւ Մայրաքաղաքին մէջ, 1714-ին, Սուլթանին ու Հայ Պատրիարքին աչքերուն տակ ու վերջ գտաւ մասնակցողներուն աքսորով, բանտարկութեամբ կամ փախուստով: Բանտարկեալներուն մէջ էին Մելքոն Եպս. Թազպազեան, որ պատրիարք ընտրուած էր, եւ Հալէպի Եպիսկոպոս Աբրահամ Արծիւեան, եւ որոնք թիարանի դատապարտուեցան:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ