Երեքշաբթի, 24 Յուլիս 2012 - Սրբազան Քահանայապետի Օրհնագիրի տուչութիւն` Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ նուիրեալներու

Պուրճ Համմուտ

Բարձր հովանաւորութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, նախագահութեամբ արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի եւ կազմակերպութեամբ «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան կիրակի, 22 յուլիս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին սուրբ Պատարագին ընթացքին տեղի ունեցաւ սրբազան Քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ.ի օրհնագիրի տուչութիւնը «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ նուիրեալ անձերու, յանձին` տէր եւ տիկին Սարգիս Պէօճեքեանի` ոսկեայ յոբելեանին առիթով, Մանուէլ կիս. սրկ. Քէշիշեանի` 40 տարուան խմբավար «Արծիւեան» եւ «Բլբուլ» մանկապատանեկան զոյգ երգչախումբերուն եւ Ռոզին Գապատայեանի` 30 տարուան երգեհոնահար «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ երգչախումբին:

Սուրբ պատարագին ընթացքին հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան խօսեցաւ իւրաքանչիւր պարգեւատրեալին յատկութիւններուն մասին` յիշելով անոնց կեանքին կարեւոր գործունէութիւնները, որմէ ետք գերապայծառ տէրը շնորհաւորեց նուիրեալ անձերը եւ կոչ ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն ունենալու իրենց մէջ այդ քրիստոնէական առաքինութիւնները, որոնք զիրենք կը մղեն նուիրուելու եկեղեցւոյ կեանքին: Արարողութենէն ետք պարգեւատրեալները շնորհաւորութիւնները ընդունեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ