Երկուշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2014 - Բարեսիրական ծրագիր Սուրբ Ծննդեան տօներու նախօրեակին

 

Պէյրութ

Դեկտեմբեր 17, 2014-ին մեկնարկեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «100 կարիքաւոր ընտանիքներու 100 սնտուկ ուտեստեղէն եւ նուէրներ» բարեսիրական ծրագիրը: Ծրագիրը մաս կը կազմէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն: Անոր կազմակերպումը ստանձնած է վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի Հոգեւոր խմբակը, հսկողութեամբ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի:

Ըստ ծրագրին, անցած օրերուն Մեսրոպեան վարժարանի բոլոր դասարաններուն աշակերտները ուտեստեղէնի եւ անհրաժեշտ պիտոյքներու տեսքով նուիրատուութիւններ կատարեցին կարիքաւոր ընտանիքներու: Նուէրները տեղադրուեցան 100 սնտուկներու մէջ, որոնք պիտի բաժնուին Սուրբ Ծննդեան տօնին նախօրեակին:

Ծրագրի կազմակերպիչները, վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստի, Հայր Ղազարի եւ Հոգեւոր խմբակի խորհրդատու ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, որ իր օրհնութիւնը շնորհեց այս գովելի նախաձեռնութեան: Հոգեւոր տէրը բարձրօրէն գնահատեց աշակերտներու այլասիրութիւնը եւ տօնական օրերուն առիթով ուրախութեան եւ նեցուկի կարիք ունեցող մարդոց հանդէպ անոնց ցուցաբերած կարեկից մօտեցումը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ