Երեքշաբթի, 5 Մարտ 2013 - Սրբազան Պապին Հրաժարականը, Որ Համայն Աշխարհը Զարմացուց…

Փարիզ

Սրբազան Պապին հրաժարականը խոր գիտակցութեան, քաջութեան եւ մեծութեան պտուղ է: Այդ հրաժարականը յայտարարած միջոցին Պենետիկտոս ԺԶ. ըսաւ. «Աստուծոյ առջեւ քննելէ ետք խիղճս, հասայ այն համոզումին, որ ուժերս, յառաջացած տարիքի բերումով, այլեւս ատակ չեն պատշաճ կերպով կատարելու ինծի յանձնուած պաշտօնը: Գիտակից եմ, որ այս պաշտօնը իր հոգեւոր բնոյթով, պէտք է կատարուի ո՛չ միայն գործերով եւ խօսքերով, այլ ոչ նուազ նաեւ` չարչարուելով եւ աղօթելով: Աւետարանը հռչակելու համար անհրաժեշտ է նաեւ կենսունակութիւնը, ըլլա՛յ մարմնի, ըլլա՛յ հոգիի, լաւ մատակարարելու համար ինծի վստահուած պաշտօնը»:

Պենետիկտոս ԺԶ. քահանայապետը այս յուզումնալից խօսքերը անակնկալօրէն յայտարարեց կարգ մը կարտինալներու առջեւ` տալով իր հրաժարականը Սուրբ Պետրոսի Մայր Աթոռէն` ամբողջ աշխարհին եւ յատկապէս Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն: Ս. Պապը իր պաշտօնէն պիտի հրաժարի փետրուար 28-ին` ժամը 20:00-ին: Այս թուականէն ետք պիտի կատարուին քահանայապետի ընտրութեան պատրաստութիւնները:

Այս հրաժարականը բարդոյթներ կը յառաջացնէ: Բայց յստակ է այն, որ եկեղեցւոյ կանոնը կը բացատրէ. «Եթէ քահանայապետ մը գիտակցի իր անկարողութեան` ֆիզիքապէս, հոգեպէս եւ բարոյապէս կատարելու իրեն վստահուած պաշտօնին պարտականութիւնները, ըստ կանոնին, կրնայ հրաժարիլ»:

Պատմութեան ընթացքին հրաժարած են Պենետիկտոս Թ. (1045), Չէլէսթին Ե. (1294), Գրիգոր ԺԲ. (1415) քահանայապետերը: Եղած են նաեւ պարագաներ, երբ քահանայապետներ ուզած եւ փորձած են հրաժարիլ, ինչպէս Պիոս ԺԲ.ը, որ յստակօրէն յայտարարած էր, թէ եթէ գերի իյնար նացիներու ձեռքը, պիտի հրաժարէր, եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը, որ կը տառապէր զանազան հիւանդութիւններէ, զանազան առիթներով արտայայտուած էր հրաժարելու մտադրութեան մասին:

Բայց եւ այնպէս այս երկուքը մնացին իրենց պաշտօնին վրայ:
Պենետիկտոս ԺԶ. քահանայապետը կը հրաժարի իր պաշտօնէն անձնական եւ ֆիզիքական պատճառներով: Ան քաջութիւնը ունեցաւ ինքզինք քննելու պաշտօնի եւ անձի երկու նժարներուն մէջ: Երբ անկարող է իր պաշտօնը կատարելու, պէտք չէ իր պաշտօնին կառչած մնայ: Եկեղեցւոյ դրութիւնը չի նմանիր քաղաքականութեան, ուր քաղաքագէտներ չեն կրնար զանազանել պաշտօնը անձէն եւ յանուն իրենց անձնական համոզումին կը մնան իրենց պաշտօնին վրայ, թէկուզ աւերներ գործելով եւ վնասներ հասցնելով երկրին ու ժողովուրդին:

Եկեղեցական պաշտօնը նուիրական է: Ասոր համար երբ անձը անատակ է ստանձնած պաշտօնը լիուլի կատարելու, կրնայ աղաւաղել զայն: Ահաւասիկ Պենետիկտոս քահանայապետը` գիտակից իր պաշտօնին նուիրականութեան եւ մարմնական կարողութեան` անձնական անատակութեան պատճառով կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Քաջութիւն կը պահանջէ այս որոշումին յանգիլը. միայն հոգիի եւ մտքի վեհանձնութիւն ունեցող անձեր առանց վարանելու կը դիմեն  այսպիսի քայլի մը: Ան կը ներկայացնէ իր հրաժարականը` թողելով իր յաջորդին այն նուիրական պաշտօնը, որ աստուածատուր է: Պէտք է վեհանձնութիւն նկատենք Պենետիկտոս ԺԶ. քահանայապետին առած քայլը, որ օրինակ պէտք է հանդիսանայ այսօր իսկ մեր ազգին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ մէջ անատակօրէն իրենց պաշտօնները կատարող կրօնականներուն: Անոնք պէտք է Աստուծոյ փառքը ամէն բանէ վեր դասեն: Թող բարձրեալն Աստուած լուսաւորէ եւ ուղղէ մեր քաղաքագէտներուն միտքերը, որպէսզի  բարձրանան իրենց եսէն, փառքէն եւ աթոռապաշտութենէն, գերադասեն հայրենիքին եւ ազգին շահերը իրենց սին շահերէն եւ փուճ քմահաճոյքէն:

ԳԷՈՐԳ Ծ. ՎՐԴ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ