Ուրբաթ, 21 Փետրուար 2014 - Ի լոյս կ'ընծայուի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նոր Փոքր Մաշտոցը

Պէյրութ

Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի Ծիսական Յանձնախումբը 2014-ի Փետրուար 19-ին հրատարակեց սուրբ Խորհուրդներու եւ այլ աղօթքներու մատակարարման համար «Փոքր Մաշտոց» ծիսական գիրքը, որ իր առաջին էջերուն վրայ կը կրէ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հրամանագիրն ու օրհնութեան գիրը:

Մատեանը որ կը կրէ «Փոքր Մաշտոց Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ» տիտղոսը, եւ տպագրութեան որպէս վայր եւ թուական՝ Պէյրութ 2013, պտուղն է Ծիսական Յանձնախումբին եւ մանաւանդ Յանձնախումբի նախագահ Արհի, հայր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեանի վերջին տարիներու աշխատանքին, որ հասունցած է օգտակար դառնալու համար մանաւանդ հաւատացեալին եւ անոր մասնակցութեան ի խնդիր մատակարարուելիք խորհուրդներուն, որպէս հաւատքի հասունացման աղբիւր: Այս մատեանը կը հրատարակուի առ ի փորձ երեք տարուայ համար:

Կարելի է գտնել զայն հետեւեալ կապին վրայ եւ ներբեռնել բոլոր կարելի սարքերու մէջ:

http://armeniancatholic.net/test/img/mashdots.pdf


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ