Ուրբաթ, 28 Մարտ 2014 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց մեթր Էրտալ Տողանը

Պէյրութ

Չորեքշաբթի, 26 մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Հրանդ Տինքի թուրք փաստաբան Էրտալ Տողան եւ պոլսահայ լրագրող Հրանդ Գասպարեան, որոնք Լիբանան կը գտնուին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան հրաւէրով:

Հանդիպումին ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց, թէ հայութիւնը ենթարկուած է անմարդկային ոճիրի, որուն դիմաց Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է ճանչնան ցեղասպանութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ հայ-թուրք յարաբերութիւնները բարելաւել եւ երկխօսութիւն ստեղծել:

Մեթր Էրտալ Տողան նշեց, թէ ինք ունի արդարութիւնը հետապնդելու առաքելութիւնը եւ իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ պիտի դնէ սրբագրելու Թուրքիոյ պատմութեան սխալները: Մեթր Տողան շեշտեց, թէ սփիւռքահայութիւնը պէտք է Թուրքիոյ մէջ աշխատանք ծաւալէ, որպէսզի օգտակար դառնայ այն թուրքերուն, որոնք կþուզեն բացայայտել պատմական իրականութիւնները:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ