Շաբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2012 - Հայրապետական գիր օրհնութեան առ «Բագին» հանդէսն

Պէյրութ
Դիւան թիւ 281/12

«Բագին»ի նման գրական հանդէսի մը յիսնամեակի նշումը հայկական ներկայ իրականութեան պայմաններուն տակ, ո՛չ միայն ողջունելի, այլ գօտեպնդող երեւոյթ է։ Այսօր, հանդէսի հիմնադրութենէն 50 տարիներ ետք, խոր երախտագիտութեամբ ու յարգանքով պիտի յիշենք անունները Հայ Գիրին ու Գրականութեան, Դպրութեան ու Մշակոյթին այն նուիրեալներուն, խմբագիրներուն, խմբագրական կազմի անդամներուն, մտաւորականներուն ու գրողներուն,  որոնց կը պարտինք սփիւռքեան յաճախ անբարենպաստ պայմաններու տակ «Բագին»ի նման գրական թերթի մը յիսնամեայ կենսունակութիւնը:

Մեր Եգիպտոսի առաջնորդութեան ընթացքին, յաճախ կը թերթատէինք «Բագին»ը եւ չէինք կրնար գոհունակութեամբ չմտածել որ քանի սերունդներ հայոց լեզուին, գրականութեան ու մշակութային արժէքներուն կը ծանօթանային ու տակաւին կը ծանօթանան «Բագին»ին ընդմէջէն:

«Բագին»ը վերապրեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դժուարին օրերուն եւ շարունակեց  իր առաքելութիւնը ի սպաս արեւմտահայ գրականութեան զարգացման ու աճումին: 50 տարիները մեծ վկայութիւն են այն իրողութեան որ այս հանդէսին հրատարակիչները ու խմբագրական կազմի անդամները  ոչ միայն ազգային ու համամարդկային արժէքներու տէր մարդիկ են, այլ արեւմտահայ աստուածաշնորհ ու մեսրոպադրոշմ լեզուն պահելու ու պահպանելու հրամայականին հաւատացողներ ու կառչողներ։

Կը մաղթենք, որ մեր այս Գիր Օրհնութեամբ, այսօրուան ձեր գործը արժեւորուի երէց թէ երիտասարդ ընթերցողներու թիւին աճումով, որպէսզի շարունակէք  պատմական առաքելութիւնը զորս սկսաք 50 տարիներ առաջ:
Կ’օրհնենք  խմբագրական կազմին բոլոր անդամները, խմբագրապետն ու խմբագիրները, աշխատակիցները ու գրողները եւ մեր օրհնութեան կը միացնենք քաջառողջութեան, յարատեւութեան ու յաջողութեան մեր մաղթանքները,  աղօթելով առ Փրկիչն մեր, որ իր Յայտնութեան լոյսը առատօրէն ծագեցնէ։

+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.

Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց

Տուեալ ի կաթողիկոսական Աթոռոյս ի Զմմառ
Ի քսաներորդում աւուր յամսեանն Դեկտեմբերի յամի Տեառն 2012
Յերեքտասաներորդում ամի Հայրապետութեան Մերոյ

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ