Հինգշաբթի, 16 Մայիս 2013 - Հայածէս սուրբ Պատարագ Պուտաբէշդի մէջ

 

Պուտաբէշդ

28 Ապրիլ 2013, Հունգարիոյ մայրաքաղաք՝ Պուտաբէշդի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ Ապրիլ 24-ի Նահատակաց յիշատակին առթիւ եւ յատուկօրէն տեղւոյն կարդինալ Բեդեր Էրտէոյի խնդրանքով, մատուցուեցաւ հայածէս սուրբ Պատարագ, որ մատոյց եւ քարոզեց Պէյրութի թեմէն՝ գերապատիւ Տէր Աւետիք վարդապետ Յովհաննէսեան: Հայածէս սուրբ Պատարագէն ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան աղօթք նահատակաց յիշատակին:

Յիշենք, որ Պուտաբէշդի հայ կաթողիկէ եկեղեցին ժամանակին յանձնուած էր Վիեննայի Մխիթարեան հայրերու հոգածութեան: Այժմ հայ կաթողիկէ համայնքին անմիջական եկեղեցական պատասխանատուն է տեղւոյն առաջնորդ՝ կարդինալ Բեդեր Էրտէօ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ