Շաբաթ, 8 Փետրուար 2014 - Սրբազան Քահանայապետին պատգամը Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրուան առիթով

Վատիկան

Հինգշաբթի, 6 փետրուար 2014-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  պատգամը երիտասարդներու համաշխարհային Օրուան առիթով, որ պիտի նշուի յառաջիկայ Ծաղկազարդի տօնին՝ 13 ապրիլ 2014-ին: Սրբազան Հայրը կը  թելադրէ երիտասարդներուն «երջանկութեան քաջութիւնը» ունենալ  եւ կը  յիշեցնէ իրենց երթը 2016-ին դէպի Քրաքովիա, ուր տեղի պիտի ունենան յաջորդ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերը: Այս տարուան համար, Սրբազան Հայրը կոչ կ'ուղղէ երիտասարդներուն խորհրդածելու ըստ սուրբ Մատթէոսի Աւետարանին հետեւեալ երանութեան մասին. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկինքի Արքայութիւնը»: 2015-ին՝ խորհրդածելու հետեւեալ երանութեան մասին. «Երանի՜ անոնց որ սրտով սուրբ են, որովհետեւ Աստուած պիտի տեսնեն»: Իսկ 2016-ին՝ խորհրդածելու հետեւեալ երանութեան մասին. «Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն»:

Իր Պատգամին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը կոչ կ'ուղղէ նաեւ ժուժկալութեան  եւ միասնականութեան, յաղթահարելու համար անտարբերութիւնը, աւելցնելով որ  աղքատները մեզի շատ բան կրնան սորվեցնել խոնարհութեան եւ Աստուծոյ հանդէպ վստահութեան մասին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ